Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեկնարկեց Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը խորագիրով հաւաքը

By Asbarez | Friday, 14 July 2017

Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով ու վեհափառ հօր հայրապետական օրհնութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուանդ Փամպուքեան: Ան նշեց, որ երբ կը խօսի Սփիւռքի հայեցի դիմագիծին մասին, նկատի ունի դասական Սփիւռքը, որուն կազմաւորումը տեղի ունեցաւ առաւելաբար եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն շուրջ:

Ան մատնանշեց, որ այս Սփիւռքին չորրորդ սերունդը նոյն ձեւով չ՛ապրիր, ինչպէս առաջին սերունդը, բայց յատկանշական է անոր՝ ազգային պահանջատիրութեան մասնակից ըլլալու հոլովոյթը, բան մը, որ անցեալին կը պատկանէր միայն քաղաքական խաւին: Թուելով կարգ մը դժուարութիւններ, ինչպէս՝ հայերէնի տեղքայլը, ան յայտնեց, որ ներկայիս կը պատշաճինք այս իրողութեան, եւ այդ պատճառով հայերուն <<տունդարձ>>ի գաղափարը աւելի դժուար կը դառնայ: Ասով հանդերձ, սակայն, Հայաստան-Սփիւռք ներկայ կապերը գնահատելով, պատմաբանը յայտնեց իր լաւատեսութիւնը, թէ երբ տեղ մը քանդուի, ուրիշ տեղ մը կը ծաղկի: Փամպուքեան ակնարկեց նաեւ միացեալ ուղղագրութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ մեր կողմէ դաւանափոխ հայերը ընդունելու անհրաժեշտութեան:

Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ հիմնական նկատեց ազգային ինքնութեան եւ հայկական ինքնագիտակցութեան կարեւորութիւնը: Ան հայկական ինքնութեան խնդիրը ռազմավարական նկատեց եւ դիտել տուաւ, որ անիկա միշտ փոփոխութեան ընթացքի մէջ է ու բազմաշերտ է: Հայկական ինքնութեան առանձնայատկութիւններուն մասին խօսելով՝ նախարարը նշեց, որ անիկա հիմնուած է ցաւի ու տառապանքի վրայ: Հայկական Սփիւռքը աշխարհի միւս սփիւռքներուն կողքին ամէնէն տարածուածն է, ըսաւ ան՝ շարունակելով, որ այս մէկը Սփիւռքը դարձուցած է բազմամշակոյթ, ուստի՝ բազմաթիւ ինքնութիւններու տէր: Անդրադառնալով ծպտեալ հայերուն պարագային, նախարարը յայտնեց, որ նախարարութիւնը առանձին դրոյթով եւ պետական մակարդակով կը մօտենայ անոնց:

Հայկական ինքնութեան մէջ խորանալով՝ նախարարը խօսեցաւ խառն ամուսնութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, գիտակցօրէն հայկականութենէն հեռու ապրող հայերուն, աշխարհաքաղաքացի ըլլալ ուզողներուն, իսլամացած հայերուն, ինչպէս նաեւ իրենց արմատներուն վերադառնալ փափաքող հայերուն մասին: Ասոնց դիմաց ան կարեւորեց հայ մնալու երաշխիքները՝ եկեղեցի, դպրոց, պատմական յիշողութիւն, ընտանիք, աւանդութիւններու պահպանում, ազգային եւ մշակութային կառոյցներ, մամուլ, հայկական խորհրդանիշներ, անկախ Հայաստան ու Արցախ:

Եզրափակելով իր խօսքը՝ նախարար Յակոբեան նշեց, որ հայ երիտասարդին հարկ է գրաւիչ դարձնել հայկական ինքնութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը, որպէսզի անոնց համար Հայաստանը դառնայ տուն եւ ոչ թէ պատմական հայրենիք: Ան ըսաւ, որ հիմնական խնդիրը հայրենադարձութիւնն է:

Նիստին աւարտին խօսք առնելով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս սկիզբը անդրադարձաւ նման համագումարի կազմակերպման՝ դիտել տալով, որ անիկա հաւաքական ճիգ մըն է՝ տարբեր փորձառութիւններ, տագնապներ եւ հայեցակէտեր իրարու հետ բաժնեկցելու՝ հեռու վիպապաշտական մօտեցումներէ, այլ իրատեսութեան վրայ խարսխուած: <<Մեր նպատակը հաստատումներ կատարել չէ, այլ՝ առաջին, պատմական խորքը դիտելով, Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութեան ու ինքնաարտայայտութեան պարզած ներկայ պատկերին քննարկումն է՝ իր դրական ու բացասական երեսներով, եւ երկրորդ, սոսկ նկարագրականէն անդին, ինքնութեան նոր մօտեցումներու, նոր չափանիշներու, նոր սահմաններու ու սահմանումներու որոնումն է>>, հաստատեց կաթողիկոսը: Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան մէկ դարու հայ մնալու պայքարի պատմութեան՝ կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ տարբեր պատճառներով ու այլազան հանգամանքներու բերումով այսօր Սփիւռքի պայքարելու տոկունութիւնը սկսած է հետզհետէ տկարանալու: Այս պարունակին մէջ ալ, ինքնութիւնը իբրեւ կազմաւորման ու զարգացման մնայուն ընթացք նկատելով, Արամ Ա. հայրապետ հաստատեց, որ ժամանակի ու պայմաններու բերումով այդ ընթացքը կրնայ փոխուիլ, սակայն միջուկը կը մնայ նոյնը, <<եթէ միջուկը փոխուի, ինքնութիւնը կը փոխուի>>:

Ան աւելցուց, որ հայու ինքնութիւնը կազմաւորող հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնելու իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը. <<Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառելու իրենց ներուժը՝ հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն: Ամբողջական Հայաստանի տեսիլքը, որ դարձաւ ինքնութիւն ամրացնող հզօր գաղափարախօսութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերստեղծումով սկսած է Սփիւռքի հայու կեանքին մայր էջէն հեռանալու>>, դիտել տուաւ ան՝ լուսարձակի տակ առնելով նաեւ հայաստանեան եւ խորհրդային սփիւռքները, անոնց ինքնութեան տարբեր շեշտաւորումներով ու արտայայտութիւններով օժտուած ըլլալը, ինչ որ կը ստեղծէ քաոսային վիճակ եւ ահաւոր ու տագնապալի կացութիւն: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սփիւռքի տարածքին ինքնաճանաչման տարբեր կերպերու ու ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւններու, որոնք համահայկական լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը դնեն մեզ:

Ապա վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն խօսեցաւ սփիւռքահայուն ինքնութեան դիմագրաւող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին՝ մատնանշելով, որ հողը, լեզուն, ինքնաճանաչումը, պատկանելիութեան զգացումը, խորհրդանիշերուն եւ տիպարներուն ներկայացուցած արժէքը, քննական երկխօսութեան եւ ներդաշնակ յարակցութեան գոյութիւնը, ազգային գաղափարախօսութեան առկայութիւնն ու պահպանումը առանցքային դերակատարութիւն ունին այս առումով: Ապա ան մատնանշեց, որ այսօր ինքնութեան տարբեր ըմբռնումներ կան մեր իրականութեան մէջ եւ հարցական է, թէ ասոնք ինչպէ՞ս կարելի է համադրել եւ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ինչպիսի՞ մօտեցում ցուցաբերել:

Իր խօսքը եզրափակելով՝Արամ Ա. կաթողիկոս անհրաժեշտ նկատեց ինքնապաշտպանութեան մեր զէնքերու վերանորոգութիւնն ու արդիականացումը. <<Առաջին, մեր գաղութներու կեանքին կազմակերպչական ուժականութիւն ու կենսունակութիւն տալով, երկրորդ, ինքնաճանաչման ազդու մեթոտներ ու ուղիներ ճշդելով եւ ինքնութեան նոր մոտելներ ու չափանիշեր որոնելով, երրորդ՝ Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը վերստեղծելով ու ինքնագիտակցութիւնը ամրապնդելով՝ համահունչ տուեալ միջավայրին ու ներկայ պայմաններուն>>:

<<Պատմական ակնարկ>> խորագիրով Ա. նիստին հանդէս եկան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Սեդա Տատոյեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:

Առաջին զեկուցաբեր փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ հայկական ինքնութեան կազմաւորման հոլովոյթը՝ սկսելով Ք.ա. Բ. դարէն, Արտաշէս Ա.ի ժամանակաշրջանէն, ու հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացումը բաժնեց չորս փուլերու՝ հայ ինքնութեան կայացման ժամանակաշրջան, այսինքն հայկական վաղ պետականութեան կազմաւորում, չորրորդ դարուն ընթացքին հզօր ինքնութեան պահպանման ժամանակահատուած, եկեղեցւոյ ազգային դառնալու դէպք, Անիի անկումէն ետք արտագաղթ, 16րդ դարուն թուրք-պարսկական ապա ռուսական տիրապետութեան տակ ըլլալու հետեւանքով ինքնութեան փոփոխութիւն: Մելքոնեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան, ապա Հայաստանի պետականացումներուն ներքեւ փոփոխութեան ենթարկուած ինքնութիւններուն մասին:

Երկրորդ զեկուցաբերը՝ փրոֆ. Տատոյեան լուսարձակի տակ առաւ Կիլիկիոյ մէջ ինքնութեան հարցը՝ զայն տեղաւորելով պատմական շրջագիծի մէջ: Ան նշեց, որ հարկ է պատմութեան նայիլ, որպէսզի կարենանք ներկան վերլուծել ու յայտնեց, որ Կիլիկիան ո՛չ Հայաստան էր, ո՛չ ալ սփիւռք, այլ մեծաւ մասամբ հայաբնակ էր մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն: Տատոյեան առաջարկեց գործնական քաղաքականութեամբ նայիլ Կիլիկիոյ պատմութեան, ուր գոյութիւն ունէր հանդուրժողական ոգին, դիւանագիտական փորձառութիւն, որոնք հայկական ինքնութեան կազմաւորման մէջ դերակատար էին:

Երրորդ զեկուցաբերն էր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ հանդէս եկաւ Սփիւռքի պատմական ակնարկով: Ան ըսաւ, որ Սփիւռքի հիմնական խնդիրը ինքնաճանաչման խնդիրն է, որ ներկայիս կը գտնուի նոր հորիզոններու դիմաց: Ան սահմանեց Սփիւռք հասկացողութիւնը եւ շեշտեց, թէ Սփիւռքը ինքնահասկացողութեան համար կարիք ունի նոր բառամթերքի եւ ախտաճանաչման՝ դիտել տալով, որ մինչեւ 1960ականներ Սփիւռքի կազմակերպման եւ նորահաս սերունդներու ազգապահպանման, հայախօսութեան եւ հայ մշակոյթի կայացման շուրջ կը դառնար հայ ազգային ինքնութիւնը: Խորհրդային Հայաստանի ժամանակ ներգաղթողները իբրեւ <<ախպար>> նկատելու մօտեցումը աւելի ուշ փոփոխութեան ենթարկուած է, ուրեմն իր հունը գտած է շնորհիւ Սփիւռք-Հայաստան ներկայ յարաբերութեան:

<<Ինքնութեան յատկանիշներ>> խորագիրով Բ. նիստին հանդէս եկան Միհրան Քիւրտօղլեան (լեզու), Վարուժան արք. Հերկելեան (կրօն), Խաչիկ Տէտէեան (մշակոյթ), Սեդա Խտըշեան (ընտանիք) եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (իր բացակայութեամբ, գաղափարախօսութիւն):

Քիւրտօղլեան ընդգծեց, որ լեզուն կաղապարուած չի կրնար ըլլալ, այլ միշտ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, իսկ հիմնական խնդիրը հայկական լեզուամտածողութիւնն է: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայախօսութեան եւ հայակրթութեան տարբերութիւնը՝ յայտնելով, որ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է եւ ներկայիս լեզուն ինքնութեան հիմնական տարր ըլլալու իրականութիւն մը չի ներկայացներ:

Վարուժան արք. Հերկելեան՝ խօսելով կրօնին մասին, կրօն եզրը փոխարինեց եկեղեցի եզրով, կառոյց մը, որ հայկական ինքնութեան դրսեւորման մէջ դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի: Ան կարեւոր նկատեց հայ եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու հրամայականը, որ առաւելաբար քրիստոնէութիւնը ներմուծած է հայութեան կենցաղին մէջ՝ իբրեւ կենսաձեւ, դպրոց, ուղեգիծ եւ նպատակակէտ: Ան խօսեցաւ եկեղեցւոյ տարած աշխատանքին եւ անոր՝ փոփոխութեան չենթարկուած իրավիճակին մասին փոփոխութեան ենթարկուող Սփիւռքի իրականութեան դէմ յանդիման:

Տէտէեան, խօսելով մշակոյթին մասին՝ յայտնեց, որ անիկա հայկական ինքնութեան մասնիկն է, նաեւ՝ բնորոշիչը: <<Մշակոյթով ու հաւաքական ես-ով է, որ կը թրծուի ինքնութիւնը>>, ըսաւ ան: Տէտէեան նկատել տուաւ, որ պէտք է դուրս ելլել զգացական մօտեցումներէ եւ բազմաշերտ Սփիւռքի մէջ մշակոյթը սեպել իրարու միացնող ուժ: Ան կարեւորեց ախտաճանաչում կատարելը, որմէ ետք կարելի կ՛ըլլայ գործնական քայլերու դիմել եւ վերակազմաւորել ու վերաշխուժացնել Սփիւռքը:

Խտըշեան, խօսելով հայ ընտանիքին մասին՝ թուեց ներկայ պայմաններուն հետեւանքով հայ ընտանիք հասկացողութեան փոփոխութիւնները, ինչպէս օրինակ թաղային դրութեան վերացումին պատճառով զաւակներուն՝ մեծ ընտանիքի փոխարէն, միջուկային ընտանիքի մէջ հասակ նետելու պարագան, որոնք յաճախ կը դիմագրաւեն գործի պատճառով մօր բացակայութիւնը: Ան խօսեցաւ ընդհանրապէս ընտանիքներուն մէջ <<Մենք>>էն հեռանալու եւ <<Ես>>ի գերիշխանութեան կառչելու ու անձնակեդրոն ընտանիքներու պարագան:

Տէր Ղուկասեանի զեկոյցը կարդաց տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Տէր Ղուկասեան՝ գաղափարախօսութիւնները հեղինակութեան եւ իշխանութեան հետ առնչուած նկատելով՝ խօսած է գաղափարախօսութիւններուն դրական ազդեցութիւններուն մասին: Ան անդրադարձած է Սփիւռքի քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն՝ նկատել տալով, որ անոնց համար առաջնահերթ էր ազգային ազատագրական պայքարը, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ ընկերվարական կուսակցութիւններուն համար միջազգային կազմակերպութիւններու հոլովոյթներու մասնակցութիւնը անոնց առջեւ կը դնէր ներազգային համակարգման մարտահրաւէրը: Ան նշած է, որ հայկական իրականութեան մէջ գաղափարախօսութիւնը ինքզինք պարտադրած է Խորհրդային Հայաստանի շրջանին, ներգաղթին, 1958ի լիբանանեան պատերազմին ընթացքին, Արցախեան գոյապայքարին, հետեւաբար, հայապահպանումը գաղափարախօսութիւններու շնորհիւ Սփիւռքի մէջ աւելի ամրապնդուած է:

<<Ինքնութիւն եւ համաշխարհայնացում>> վերնագիրով Գ. նիստին խօսք առին վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, դոկտ. Հայկ Օշական եւ Յակոբ Պալեան:

Վեր. Հայտոսթեան յայտնեց, որ համաշխարհայնացումը պատճառ դարձած է ստեղծելու հոսանք մը, որ կ՛ուզէ իւրայատուկ դառնալ, սակայն չկարենալով խուսափիլ նմանօրինակ ըլլալէ: Խօսելով սահմաններուն մասին, ան անդրադարձ կատարեց համաշխարհայնացման պատճառով սահմաններու փոփոխութեան, սահման հասկացողութեան նոր ըմբռնումներու ծագումին ու յարացոյցներու փոփոխութեան եւ ուժական ինքնութիւններու երեւան գալուն: Հայտոսթեան անդրադարձաւ աւանդական ընկերութեան՝ յայտնելով, որ անիկա կը ջանայ պաշտպանուիլ, քան նոր շունչ տալ:

Դոկտ. Օշական անդրադարձաւ Հայ Սփիւռքի շերտերուն տարբեր ըլլալուն, այսինքն, թէեւ նոյն ժողովուրդը կը ներկայացնեն անոնք, սակայն տարբեր են: Ան դիտել տուաւ, որ Դէպի Երկիր վերադարձը տեղի պիտի չունենայ եւ անոր փոխարէն առաջարկեց <<Դէպի ազգ>> գաղափարախօսութիւնը, որ ազգային գիտակցութիւն կը պահանջէ:

Պալեան խօսեցաւ հայու ինքնութեան եւ համաշխարհայնացման դիմաց Սփիւռքի հիմնաւորման մասին: Ան յայտնեց, որ սփիւռքներուն մէջ ալ գոյութիւն ունին ներքին սփիւռքներ, օրինակ Ամերիկայի սփիւռքին մէջ գոյութիւն ունին յունահայ, պարսկահայ սփիւռքներ, որոնց կազմաւորելու խնդիրը միայն ցանկութեան սահմաններու մէջ մնալու չէ: Ան յայտնեց, որ սփիւռքեան իրականութիւնը հասկնալու եւ ծրագիր մշակելու համար անհրաժեշտ է գործող սեղմ շրջանակներէ դուրս գալ:

Հաւաքին ընթացքին իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցան քննարկումներ, ուր արձանագրուեցան ընդհանուր մտահոգութիւններ՝ նամանաւանդ սփիւռքի թուային պատկերին չգոյութիւնը, հայութեան մէկ թէ բազմամշակոյթ ըլլալու խնդիրը, Սփիւռքի վերանալու պարագան:

 

Համախմբումը իր աշխատանքները շարունակեց յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի, 12 Յուլիսին:

Առաջին նիստը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9ին. անոր նիւթն էր <<Ինքնութիւն եւ պահանջատիրութիւն. (Ցեղասպանութիւն, ճանաչում, հատուցում, Ղարաբաղ)<<, իսկ զեկուցաբերները՝ Սեւակ Յակոբեան, Մուշեղ Պետիրեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

Սեւակ Յակոբեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ներկայիս անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ որքանո՞վ ինքնագիտակցութիւն ունինք, որքա՞ն կը ճանչնանք մեր պատմութիւնը, որքանո՞վ գիտակից ենք մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան՝ յստակ տուեալներու վրայ հիմնուած: Զեկուցաբերին համաձայն՝ ներկայիս կ՛ապրինք երկմակարդակ կեանք, որոշ չափով հեռու ենք առողջ ու առարկայական ինքնագնահատումէ եւ ինքնաքննադատութենէ, պարզուած մտահոգիչ կացութեան պատասխանատուութեան ճշդումէ: Իր խօսքը եզրակացնելով՝ Սեւակ Յակոբեան առաջարկեց ինքնագիտակցութեան եւ ինքնութեան ճանաչման նոր ու առողջ մշակոյթի նախաձեռնել եւ մենք զմեզ իսկապէս ճանչնալու հոլովոյթի մը սկսիլ:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Մուշեղ Պետիրեան, որ հաստատեց ինքնութեան հարցին կենսական եւ էական առաջնահերթութիւն ըլլալու հանգամանքը: Ան իր զեկուցումին առանցքը դարձուց այն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայուն համար հիմնական կռուան է, զոր անկարելի է մոռնալ, եւ որմէ որեւէ զիջում բացառուած է, ուստի անոր կառչածութիւնը յաւերժական է, որքան ալ փոխուին պայմաններն ու ժամանակները, այնքան ատեն որ տակաւին հայը իր իրաւունքներուն չէ տիրացած: Անոր համաձայն՝ իւրաքանչիւր հայու մէջ ալ առկայ է հայրենասիրական զգացումը, որ թերեւս որոշ շրջան մը կը շիջի, սակայն երբեք չի մարիր. առ այդ, զեկուցաբերը կարեւոր նկատեց երեք մակարդակներու վրայ՝ ընտանիք, ազգ եւ անհատ, տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմելը՝ նորօրեայ պայմաններուն եւ պահանջներուն համահունչ, որպէսզի ազգային ինքնութիւնը պահպանուի, կարելի ըլլայ սփիւռքեան բազմաճիւղ եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները դիմագրաւել ու պահպանել մեր ինքնութիւնը, Հայաստանը պահել հզօր եւ միշտ կառչիլ մեր դատին:

Ա. Նիստի երրորդ զեկուցաբերը՝ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, իր խօսքին սկիզբը տուաւ ինքնութեան սահմանումը՝ շեշտը դնելով հայկական ինքնութեան վրայ, որ իր կարգին ունի քանի մը ճիւղաւորում՝ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Թուրքիոյ տարածքին, նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր ճիւղաւորում ունի իր առանձնայատկութիւնն ու պայմանները: Բայց եւ այնպէս ան Ցեղասպանութիւն ապրածի ինքնութիւնը նկատեց բոլորին մօտ առկայ հասարակ յայտարարը: Զեկուցաբերը լուսարձակի տակ առաւ հայ ազգի գոյութենական վտանգները՝ ֆիզիքական (Արցախ, Միջին Արեւելք, Թուրքիա), ձուլման (Սփիւռք եւ Ջաւախք) եւ տարերային արտագաղթի (Հայաստանի ազգային անվտանգութեան սպառնացող)՝ շեշտելով, որ ազգային ուժեղ ինքնութիւնը հրամայական է թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Յովսէփ Տէր Գէորգեան ներկայացուց հայկական իրականութեան եւ յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայու ինքնութեան վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող քաղաքական մօտեցումները, նաեւ՝ մեզ դէպի մերօրեայ համազգային նպատակները ուղղորդող ինքնութեան կարեւորագոյն ստորոգելիները: Այս ծիրին մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ զոհի հոգեբանութիւնը ամբողջովին թօթափելու անհրաժեշտութիւնը, հայապահպանման մարտահրաւէրը ամէն գնով յաղթահարելու կարեւորութիւնը եւ շեշտը դրաւ քաղաքականացած նոր սերունդներու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ հզօր ու վստահութիւն ներշնչող Հայաստան ունենալու հրամայականին վրայ: Իր խօսքի վերջին բաժինով զեկուցաբերը լուսարձակի տակ առաւ պայքարելու կամքը անսասան պահելու հանգամանքին վրայ, որովհետեւ անիկա է հայու ինքնութեան պահպանման հիմնասիւնը:

Բ. Նիստին խորագիրն էր <<Ինքնութիւն եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւն (Հայաստանի նպաստը ինքնութեան ամրացման)>>. Զեկուցաբերներն էին Շահան Գանտահարեան, դոկտ. Յարութիւն Մարութեան եւ դոկտ. Արա Սանճեան:

Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ թէեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կապին մասին խօսելով նկատի կ՛առնուի վերանկախացած Հայաստանը, սակայն առաջին հանրապետութիւնն ու Խորհրդային Հայաստանը եւս իրենց ազդեցութիւնը ունեցան ինքնութեան կամ հայ մարդու հոգեկերտուածքին կազմաւորման վրայ: Ապա ան շեշտեց, որ երկրաշարժի, Արցախի ազատագրական պայքարի եւ հայրենիքի անկախացման իրադարձութիւնները Սփիւռքը մղեցին շարժի՝ տարբեր դրսեւորումներով եւ տարողութեամբ հայրենիքին կողքին ըլլալու: Բայց եւ այնպէս զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ բնականոն պայմաններու մէջ պարագան տարբեր է: Շահան Գանտահարեան նշեց, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար եղած դիմումները, որոնք տարբեր նպատակներ կը հետապնդեն, միշտ չէ որ զուտ գիտակցական կամ հայրենիքի հետ իրաւական կապի հաստատման շարժառիթներ են: Ան շեշտեց, որ հակառակ ասոր, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը իրաւական եւ բարոյական սերտ կապեր ստեղծեց հայրենիքին հետ, ինչպէս նաեւ ոմանց համար առիթ եղաւ հայկական արմատներու որոնման: Շահան Գանտահարեան այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատեց սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած՝ տարբեր կառոյցները, անհատները հայրենիքի մէջ համախմբելու քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ հաւաքագրուող այդ մարդուժը իր առաքելութիւնը կը նկատէ իր ապրած երկրին մէջ հայրենիքի ծանօթացումը, ճանաչողականութիւնը եւ օտարներուն հայրենիք այցելութեան կազմակերպումը: Իր խօսքին եզրափակիչ բաժինով Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ վերանկախացած հայրենիքը մեծ ներդրում ունեցաւ եւ ունի սփիւռքահայու ինքնութեան յայտնաբերման, կայացման եւ ազգի ու պետականութեան պատկանելիութիւն ամրապնդման մէջ՝ կարեւոր նկատելով թիրախ ունենալ անտեսանելի սփիւռքը, զոր դէպի ինքնութիւն վերադարձնելու համար նոր ռազմավարութեան եւ աշխատանքային մեթոտաբանութեան կարիքը կայ:

Բ. նիստի երկրորդ զեկուցաբերը՝ դոկտ. Յարութիւն Մարութեան, նկատել տուաւ, որ վերջին տասնամեակներուն սփիւռքեան իրողութեան բնութագրական գիծերէն է կեթոյական կարգավիճակէն անցումը անուանապէս համայնքային կառոյցներու, որոնց մէկ զգալի մասին համար ազգային ինքնագիտակցութիւնը առաւելապէս անհատական, այլ ոչ համայնքային դրսեւորում է: Սփիւռքի ինքնութեան պահպանման հարցերուն մէջ զեկուցաբերը անհրաժեշտ նկատեց նախ եւ առաջ յենիլ մտաւորականներու ներուժին վրայ: Ըստ անոր, որքան ալ ինքնութեան ձեւակերպումներու հարցին մէջ տարակարծութիւններ ըլլան իրենց դրսեւորման հիմնական բնութագրիչներուն մէջ, այնուամենայնիւ, կարելի է առանձնացնել լեզուն, կրօնը, հաւաքական յիշողութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ անոնց դրսեւորման ոլորտները՝ դպրոց, եկեղեցի, թանգարան, ազգային-պետական, մշակութային ձեռնարկումներ եւ այլն: Դոկտ. Մարութեան նկատել տուաւ, որ լեզուի իմացութեան մակարդակը չէ, որ խիստ որոշիչ է հայկական ինքնութիւն կրելու պարագային, որովհետեւ ոչ կեթոյական սկզբունքով գոյատեւող այլ սփիւռքներու պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ երրորդ-չորրորդ սերունդին քով մայրենի լեզուի իմացութիւնը արմատապէս կը նուազի, լաւագոյն պարագային՝ կը գտնուի <<կենցաղային>> իմացութեան մակարդակով: Այս բոլորէն մեկնած, ան ներկայացուց առաջարկներ, որոնք կը միտին հայերէնի հեղինակութեան բարձրացման: Իր խօսքը եզրափակելով՝ զեկուցաբերը հրամայական նկատեց զոհի հոգեբանութեան շրջանցումը, նոր սերունդներուն մօտ ամրագրումը այն հաւատքին, որ տարբեր ժամանակներու ընթացքին հայը նաեւ յաղթանակած ազգ եղած է, որպէսզի էականացնելով պայքարի, մարտնչելու գաղափարը հայոց յիշողութեան, մշակոյթի եւ հայոց ինքնութեան մէջ, կարելի ըլլայ հասնիլ որոշակի հաւասարակշռութեան:

Դոկտ. Արա Սանճեան անդրադարձաւ Հայաստան, հայրենիք ու Սփիւռք եզրերու բազմազանութեան եւ զանոնք ընկալելու տարբերութիւններուն, Հայաստանէն դուրս բնակող հայութեան ներուժը ճիշդ գնահատելու անհրաժեշտութեան: Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ ձուլման ձգտող զանգուածին մասին, որուն համար հայրենիքը զբօսաշրջութեան վայր է հիմնականօրէն: Հայրենադարձներուն պարագան եւս լուսարձակի տակ առնելով՝ դոկտ. Ա. Սանճեան նշեց, որ Հայաստան պէտք է միջազգային մակարդակներու վրայ մրցունակ երկիր դառնայ, տնտեսական տագնապալի վիճակը շրջանցէ՝ գրաւելու համար աւելի մեծ զանգուածներ, թէեւ կայ նաեւ այն տեսութիւնը, որ նման հայեր նաեւ անհրաժեշտ են Սփիւռքի մէջ՝ իբրեւ գաղութներու աշխուժ տարրեր: Ասոր զուգահեռ ան խօսեցաւ այն սփիւռքահայերուն մասին, որոնց համար Արեւմտահայաստան կամ Կիլիկիա վերադարձը դադրած է նպատակ ըլլալէ եւ ժամանակակից Հայաստանի մէջ է, որ կը տեսնեն ինքնութիւնը կենսունակ պահելու երաշխիքը: Զեկուցաբերը անդրադարձաւ նաեւ նոր սփիւռքներուն՝ դիտել տալով, որ դասականին եւ նորին միջեւ տարբերութիւններ կան Հայաստանի վերաբերող պատկերացումներու եւ մօտեցումներու առումով: Եզրակացնելով՝ դոկտ. Սանճեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերը աւելի զարգացնելու ջատագով ու Հայաստանի հզօրացումով սփիւռքահայուն ինքնահամարումն ալ բարձրացնելու յուսացող սփիւռքահայ գործիչներուն հետեւողական ու ժրաջան աշխատանքը՝ գիտակցութիւնը բարձրացնելու համար եւ չտարուելու այն սին գաղափարով, որ ժամանակը ամէն ինչի դրական լուծում կը գտնէ:

Գ. Նիստը կը կրէր <<Ինքնութիւն եւ կրօնափոխ հայեր>> խորագիրը, եւ անոր ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան, փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Կիրօ Մանոյեան եւ փրոֆ. Միհրան Տապպաղ:

Դոկտ. Ալվրցեան կրօնափոխ հայերու ազգային պատկանելիութիւնը բաժնեց երկու մասերու՝ քիւրտերու եւ թուրքերու, իսկ կրօնական պատկանելիութիւնը՝ սիւննի եւ ալեւի խմբաւորումներու: Ան նշեց, թէ կան նաեւ լազ եւ ասորի կրօնափոխ հայեր: Ալվրցեան առանձնացուց համշէնահայերուն պարագան՝ նշելով, որ անոնց իսլամացումը սկսած է աւելի կանուխ ժամանակաշրջաններու եւ առնչուած չէ 1915ի դէպքերուն հետ: Խօսելով ազգային ինքնութեան խնդիրին մասին՝ ան ըսաւ, թէ կան այսօրուան գործընթացէն դժգոհ կրօնափոխ հայեր, որոնք կ՛ուզեն մոռնալ իրենց կրօնափոխ հայ ըլլալու իրողութիւնը՝ մեկնելով քրիստոնեայ կրօնին վերադարձին բերած բարդութիւններէն, ինչպէս օրինակ՝ իսլամութենէ հրաժարելու համար մահապատիժ, ընկերային ճնշում, հաւանական բռնութիւններ եւ այլն: Իսկ ինչ կը վերաբերի քրիստոնէացած հայերուն, ան յայտնեց, որ կան յարմար առիթի մկրտուածներ եւ կան մկրտուելու համար տակաւին յարմար առիթի սպասողներ: Ան ընդգծեց կրօնափոխ հայերուն քով հողին կարեւորութիւնը. անոնք իսլամացած են մնալու համար հողին վրայ:

Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան ինքնութիւնը ներկայացուց շրջագիծով մը (քոնսեփչուըլ ֆրէյմուըրք) եւ բաժնեց երեք բեւեռներու‘ հայրենիք, սփիւռք եւ իսլամացած հայեր, անոնց կեդրոնը առնելով ազգային ինքնութիւնը, կրօնը, եկեղեցին, դպրոցը, լեզուն, մշակոյթը, ծննդավայրը, ընտանեկան եւ համայնքային պարագաները: Ան հաստատեց, որ հայրենիք հասկացողութենէն չենք կրնար տարանջատել Հայաստանը Արցախէն, Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, իսկ սփիւռքը, ըսաւ ան, կը ներկայացնէ համաշխարհային իրականութիւն մը, որ, իբրեւ մեթասիսթեմ, իր մէջ ունի ինքնութեան նոյն յատկանիշները, բայց տարբեր արտայայտչական երեւոյթներ, որոնք անկարելի է անտեսել: Կրօնափոխ հայերու պարագային ան յիշեցուց Սուրիոյ արաբացած հայ աշիրէթները, որոնք Սուրիոյ տագնապէն ետք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են: Ան նշեց, որ կրօնը շատ դիւրին գործիք է ժողովուրդները իրար դէմ հանելու, իսկ բռնի իսլամացումի ժամանակ կիները կ՛օգտագործուին իբրեւ պատերազմի զէնք: Աւարտին ան կարեւոր նկատեց ազգային վերադաստիարակութիւնը, որուն մէջ եկեղեցին ունի իր դերակատարութիւնը:

Մանոյեան խօսեցաւ կրօնափոխութեան եւ դաւանափոխութեան մասին՝ յայտնելով, որ վերջինս մինչեւ հիմա կարգ մը պարագաներու մօտ ոչ հարազատ երեւոյթ է: Ինչ կը վերաբերի կրօնափոխ հայերուն նկատմամբ ստեղծուած ներկայ հետաքրքրութեան, Մանոյեան ըսաւ, որ Թուրքիա տեղի կու տայ ատոր, քանի որ ատիկա իրեն համար Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու իր քաղաքական գործընթացին մաս կը կազմէ, իսկ միւս կողմէ կրօնափոխ հայերը ունին իրենց կենցաղը եւ իրենք զիրենք կը կոչեն <<մերինները>> ու քաջ գիտեն իրենց կրօնափոխ ըլլալու ողբերգութիւնը, որ մինչեւ հիմա իրենց կեանքին անբաժան մասն է: Ան խօսելով կրօնափոխ հայերուն քրիստոնէական կրօնին վերադարձին մասին ըսաւ, որ մենք մկրտութիւնը առած ենք իբրեւ նախապայման, բայց պէտք է մեր մօտեցումը հիմնուած ըլլայ ինքնագիտակցութեան վրայ:

Չորրորդ զեկուցաբեր Միհրան Տապպաղը լուսարձակի տակ առաւ այլ քաղաքականութիւն մը, որ Թուրքիան կը վարէ, երբ կ՛արտօնէ կրօնափոխ հայերուն տեսանելիութիւնը, այդ ալ ցոյց տալն է, թէ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուած չէ 20րդ դարու սկիզբը: Ապա ան խօսեցաւ կարգ մը թուրք գիտնականներու կողմէ ծպտեալ հայերը իբրեւ հաշտութեան միջնորդ նկատելուն մասին: Այս ըսելէ ետք ան մերժեց այն պիտակումները, զորս կու տանք անոնց, երբ բոլորը կը նկատենք հայ, այսինքն՝ անոնց կրօնափոխ հայ ըլլալը բաւարար չէ զանոնք հայ նկատելուն, այլ անոնք պէտք է հայ նկատեն իրենք զիրենք, բացատրեց ան: Շարունակելով իր միտքը՝ ան առաջարկեց չստիպել անոնց դարձը, բայց այդ կատարել երկու գաղափարներու հիման վրայ՝ պատումային ինքնութեամբ, այսինքն՝ անոնք կը պատմեն իրենց պատմութիւնը, եւ ներկայացական յիշողութեան պատումով: Ան յիշողութիւնը նկատեց հիմքը բոլոր ինքնութիւններու:

Դ. նիստը կը կրէր <<Ինքնութեան պահպանման ու արտայայտութեան նոր միջոցներ>> խորագիրը, որուն ընթացքին հանդէս եկան Արա Արծրունի, Արազ Գոճայեան եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Արծրունի իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ 21րդ դարու սեմին հայու ինքնութեան: Ան նախ հայու ինքնութիւնը ներկայացուց անցեալ դարուն ընթացքին երգուած ազգային-յեղափոխական երգերուն ընդմէջէն, որոնք սկիզբը պարտուողական, ապա ըմբոստացումի նոր ինքնութիւն մը մէջտեղ բերած են: Այս երգերուն մէջ կային վսեմ մտածողութիւն, ինչպէս նաեւ ատելութիւն, ինչ որ տակաւին գոյութիւն ունի: Ապա ան ներկայացուց կարգ մը հիմնական խնդիրներ, որոնք ենթակայ են փոփոխութեան, ինչպէս օրինակ՝ վերնախաւին կողմէ հարցերու ծրագրաւորումն ու գործադրութիւնը, վերնախաւին եւ զանգուածին‘ գործաւոր-գործատէր հոգեբանութեամբ յարաբերութիւնը: Ակնարկելով զանգուածին՝ ան ըսաւ, որ նախ անոնք կ՛ունենան նորարարական եւ բարեշրջումի թռիչքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերանան, որովհետեւ ազգային դաստիարակութիւնը ձեւական է եւ ոչ խորքային: Ան ըսաւ, որ ազգային գաղափարախօսական պատկանելիութիւնը իմաստ մը չ՛ունենար, եթէ իրարմէ անջատուին հայն ու մարդը, եւ կարեւոր նկատեց տեսականն ու գործնականը իրարու ագուցել գիտցող մարդակերտ ուսուցիչներու գոյութիւնը:

Գոճայեան նկատել տուաւ, որ հայկական իրականութեան ներկայ իրավիճակը կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել հայկական ինքնութեան եւ ինքնահասկացողութեան սահմանումները: Ասիկա ո՛չ միայն հայկականութենէ հեռու գտնուող հայերուն համար, այլեւ բոլոր հայերուն համար կարեւոր է, ըսաւ ան, քանի որ կը գտնուինք արագօրէն փոփոխութեան ենթարկուող արհեստագիտութեան եւ ընկերային գիտութիւններու զարգացման ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կ՛արտօնէ տարբեր ձեւերով հասկնալ իրավիճակները: Գոճայեան ինքնութեան պահպանման եզրին փոխարէն օգտագործելով ինքնութեան որոնում եւ նոր սահմանումներ եզրը լուսարձակի տակ առաւ տարբեր <<ես>>եր ունեցող յետարդիական ինքնութեան մօտեցումը՝ մեկնելով հայկական սփիւռքին բազմամշակոյթ եւ բազմաթիւ ինքնութիւններ ունենալու խնդիրէն: Ան թուեց ներկայ հայկական սփիւռքին ինքնութիւնը դրսեւորող նոր մօտեցումները, ինչպէս՝ <<Սիսթըմ աֆ է տաուն>> ռոք խումբը, <<քոլլեքթիֆ մեծ պազար>> երաժշտական խումբը, <<Արա տը Ռա>>չ հայկական արտադրութիւններու ընկերութիւնը եւ այլն, որոնք միջոցը ունին իրենց շուրջ հաւաքելու սփիւռքը: Ան կարեւոր նկատեց ինքնութեան մասին խօսելով մտածելը, ոչ թէ պարտադրուած ինքնութիւնը, որ կու գայ վերէն վար (հաստատութիւններէ ժողովուրդ), այլ վարէն վեր (ժողովուրդէն հաստատութիւն) ուղղութեամբ՝ նշելով, որ ժողովուրդը իր կենցաղով ինք կը սահմանէ իր ինքնութիւնը:

Դոկտ. Տագէսեան ինքնութիւնը սահմանեց իբրեւ գիտակցուած ու չգիտակցուած, բնազդական, հոգեբանական ու ենթազգայական բազմատարր կացութիւն, հետեւաբար թէ՛ հորիզոնական, թէ՛ ալ ուղղահայեաց ուղղութեամբ աշխատող: Ան ըսաւ, որ ինքնութիւնը միատեսակ չէ, որովհետեւ կը կերտուի միջավայրի մը մէջ եւ յարաբերութեանց արդիւնքն է: Թուելով հայոց պատմութեան ինքնութեան աւանդական բաղադրատարրերը‘ եկեղեցի, լեզու, մշակոյթ, հող-հայրենիք եւ այլն, Տագէսեան ըսաւ, թէ ժամանակի ընթացքին անոնք կրնան առաջնահերթուիլ կամ երկրորդականացուիլ: Դոկտ. Տագէսեան հիմնականօրէն կարեւոր նկատեց անհատին ինքնութիւն ունենալու գիտակցումը, անոր մէջ հայկական բաժինի մը հաստատումը եւ հետեւաբար հայկական ինքնութեան գիտակցումը, քան պահպանումը:

Հետաքրքրական էին նաեւ իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցող քննարկումները, որոնք դրսեւորեցին մասնակիցներուն տարբեր, երբեմն հակառակ կարծիքները, մանաւանդ հայու բարդ ինքնութիւն(ներու) գծով:

Նշենք, որ հաւաքը շարունակուեցաւ յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին:

 

 

 


comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement