Թիֆլիսի Թումանեանի Վերնատուն-ը վերստին բացած է իր դռները

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017

0000VRASDAN1

<<Արմէնփրէս>>ը կը տեղեկացնէ, որ Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի մէջ վերջին բնակարանին՝ Ամաղլեբա փողոցի թիւ 18 տան մէջ, Օգոստոս 5ին տեղի ունեցաւ <<Յովհաննէս Թումանեանի տուն>> մշակութային կեդրոնին բացումը։

<<Պատմական այս իրադարձութեան հենքը 100ամեայ վաղեմութեամբ Մեծն Թումանեանի տան թիֆլիսահայ համայնքին վերադարձն էր, ուր ժամանակին սիրով հիւրընկալուած են Աղայեանն ու Կոմիտասը, Շիրվանզադէն, Իսահակեանը, Փափազեանը, Մառը, Իաշվիլին, Տապիձէն, Կրիշաշվիլին, Պրիւսովը եւ ուրիշներ, ուր կազմակերպուած են գրական զրոյցներ, ընթերցումներ, ասուլիսներ, տպագրուած եւ անտիպ երկերու քննարկումներ, ուսումնասիրուած են հայ, վրացի եւ համաշխարհային գրականութեան նմոյշներ:

Վրաստանի անկախացումէն ետք, հայ համայնքէն օտարուած Ամենայն հայոց բանաստեղծի տան ճակատագիրը օրհասական էր. մասնաւոր սեփականատիրոջ պատկանող չգործող գրադարանային հատուած եւ ժառանգորդներուն մնացած է կիսափուլ բնակարան:

Թումանեանի <<Վերնատուն>>ը իր օրինական սեփականատիրոջ յանձնուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահ երջանկայիշատակ Լեւոն Անանեանի անդուլ ջանքերով, որուն աջակից դարձան Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ, այժմ Հայաս-տանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեան եւ IdeA հիմնադրամի համանախագահ Ռուբէն Վարդանեան։ Ամբողջական տեսքով Վիրահայոց թեմին նուիրաբերուած տան վերանորոգութիւնը, բարեկարգումը եւ կահաւորումը իրականացուեցաւ Ճինիշեանի յիշատակին եւ IdeA հիմնադրամներուն եւ թեմին միջոցներով:

Անճանաչելի տեսք ստացած Յովհաննէս Թումանեանի տան բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռի պատուիրակութիւնը, Վրաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական, քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, հիւրեր Ռուսիայէն եւ Հայաստանի զանազան քաղաքներէ ու շրջաններէ, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ թիֆլիսահայ մտաւորականներ:

0000VRASDAN

Կեդրոնի բացման արարողութիւնը սկսաւ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին ծաղկեպսակի զետեղումով եւ Վիրահայոց թեմի ու Տաւուշի թեմի առաջնորդներու նախագահութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան կարգով:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի ուղերձը ընթերցեց Մայր Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան, ներկայացուած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Վրաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեանի շնորհաւորագիրները:

Տունը համայնքին վերադարձնելու եւ վերանորոգչական ու բարեկարգման աշխատանքներու վաւերագրութիւնը ցուցադրեց ֆիլմի միջոցով:

Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Լեւոն Անանեանի որդին՝ <<Արմէնփրէս>>ի տնօրէն Արամ Անանեան, Վրաստանի գրողներու միութեան նախագահ Մաղուալա Քոնաշվիլի, Վրաստանի հայ գրողներու <<Վերնատուն>> միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեան, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիւի Շահնազար, Վիրահայոց թեմի <<Հայարտուն>> կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան:

Ապա, Ամենայն հայոց բանաստեղծին տունը ազգային նպատակներու ծառայեցնելու առիթով՝ շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան բարերարները եւ նուիրատուները:

Հանդիսութիւնը ամփոփեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդը։ Վազգէն եպս. Միրզախանեան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց բոլոր բարերարներուն եւ աջակիցներուն՝ ազգանուէր գործ կատարելնուն եւ Թումանեանի պատմական տունը թիֆլիսահայ համայնքին վերադարձնելնուն համար:

 

 

 

 



comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement