Սեւր 2-ը` Միջազգային Քաղաքականութեան Տրամաբանութեամբ

By Aztag Daily | Thursday, 10 August 2017

Սեւրի դաշնագիրի մասին հրապարակային վերլուծում կամ պայմանագիրին հետ կապուած իրադարձութիւններու այժմէականացման որեւէ փորձ անպայման անմիջականօրէն մեզի համար կը կապուի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ:

Այստեղ կայ նախ եւ առաջ զուտ իրաւական  մեկնաբանութեան հարց: Իրաւարար վճիռը ըստ միջազգային օրէնքի անբեկանելի է եւ հետեւաբար ուժի մէջ մտնելու կամ չմտնելու խնդիր չի դիմագրաւեր, այդ պատճառով ալ կայ այսօր իրաւագիտական մօտեցում, որ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը չէ գործադրուած եւ ոչ թէ անվաւեր նկատուած է:

Միւս կողմէ, սակայն, կայ նաեւ մեկնաբանութիւն, որ իրաւարար վճիռը այս պարագային կը տեղադրուի Սեւրի համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ. արդ, եթէ Սեւրը իրաւականօրէն չի վաւերացուիր եւ կը փոխարինուի Լոզանով, հետեւաբար իրաւարար վճիռը նաեւ չ՛ունենար գործադրելիութեան հանգամանք:

Սեւրն ու Լոզանը այս օրերուն անկախ հայկական գործօններէ ստացած են աշխարհաքաղաքական օրակարգի տարողութիւն: Էրտողանը, եթէ մէկ կողմէ կը բողոքէ Լոզանի դաշնագիրով փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքներուն դէմ, միւս կողմէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը առիթը բաց չի ձգեր յիշեցնելու, որ եթէ Լոզանէն դժգոհ են Անգարայի վարիչները, ապա կրնան վերադառնալ Սեւրին:

Ըստ էութեան սակայն, Սեւրը Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող միջազգային որոշումն է: Եւ այս պարագային Սեւրն ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Չմոռնանք, որ այս շրջանակներուն մէջ սահմանագծուած էր նաեւ Քիւրտիստանը, ինչ որ նաեւ հայկական դիտակէտէ կարեւոր է, այն առումով, որ կը սահմանազատէ Հայաստանն ու Քիւրտիստանը եւ այդպիսով լուծած կ՛ըլլայ նաեւ մեր պատմական տարածքներու պատկանելիութեան խնդիրը ո՛չ միայն յաչս Թուրքիոյ, այլ նաեւ յաչս քիւրտերուն:

Այս հանգամանքը կարեւոր է, որովհետեւ տարածք առ տարածք քիւրտերը, վայելելով միջազգային հովանաւորութիւն, փորձ կը կատարեն քարտէսագրելու ամբողջական Քիւրտիստանը: Քրտական գործօնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի եւ տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ օգտագործուիլ իբրեւ խաղաթուղթ այս կամ այն գերտէրութեան քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին:

Սեւրի վերյիշեցումը այս օրերուն ամէնէն առաջ էրտողանական Թուրքիոյ մասնատման սպառնալիքն է. այս ուղերձները շատ արագ ընկալած են Անգարայի վարիչները, երբ ամէն առիթի կը խօսին Թուրքիոյ մասնատումը նպատակադրած ուժերու քաղաքականութեան վտանգներուն մասին: Այս վտանգներու ահազանգումը եթէ մէկ կողմէ կը բացայայտէ որոշ պետութիւններու ծրագիրները, միւս կողմէ էրտողանական համակարգին կողմէ կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր տարրերը չէզոքացնելու համար:

Համապատկերը այն է, որ անկախ հայկական գործօնէն եւ անկախ մեր բարձրաձայնումներէն, Սեւրը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ վերլուծական կեդրոններու կողմէ այժմէական երանգներ կը ստանայ այսօր: Եւ պատահական չէ, որ վերջին տասնամեակին հայկական կողմը թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ Սեւրն ու Ուիլսընի վճիռը կ՛արծարծէ ամէն պատեհ առիթի: Պետական-հասարակական գնահատականի ամէնէն յատկանշական բանաձեւումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրին բաժինն է Սեւրի եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին այժմէական իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը ընդգծող:

Աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնները այնպէս կրնան ընթանալ, որ Սեւրի քաղաքական տրամաբանութիւնը կրնայ վերատիրապետել միջազգային օրէնքին վրայ. Սեւր 2-ի հեռանկարը խիստ արդիական է այսօր միջազգային քաղաքագիտական տրամաբանութեան մէջ:

 


comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement