"Ուրացման Ճարտարապետները" ֆիլմը պիտի ծանուցուի Ամերիքանա-ի Մէջ

By Asbarez | Friday, 18 August 2017


ԿԼԵՆՏԷՅԼ - <<Ուրացման Ճարտարապետները>> ֆիլմը ծանուցող պաստառներուն տեղադրումը արգիլող <<Ամերիքանա>>ի որոշումին դէմ Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ին Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ առաջ, <<Ամերիքանա>> շուկայի սեփականատէր <<Քարուսօ Ըֆի-լիէյթըտ>> հաստատութեան փոխ-տնօրէն Ճեքի Լեւի ստորագրութիւնը կրող եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին հասցէագրուած նամակ մը տեղեկացուց, թէ պաստառները ձրիաբա՛ր պիտի ծանուցուին <<Ամերիքանա>>ի մէջ։

Լեւի այդ նամակին մէջ նաեւ դատապարտած է աշխարհի տարածքին բոլոր բռնարարքները, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն ուրացման համար Թուրքիոյ գլխաւորած արշաւին մասին է վերոյիշեալ վաւերագրական շարժապատկերը։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս ուշացած բայց կարեւո՛ր որոշումը՝ շեշտելով, որ ասիկա միայն առաջին քայլն է հայութեան նկատմամբ <<Ամերիքանա>>ին եւ <<Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ>>ին ցուցաբերած ոչ-զգայուն մօտեցումը սրբագրելու ջանքերուն։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայ համայնքին, որ իր բողոքի ձայնը լսելի դարձուց՝ ապահովելով <<Ամերիքանա>>ի անարգական որոշումին սրբագրումը։

Հայ Դատը նաեւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ ընտրեալ պաշտօնատարներուն, յատկապէս՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանին, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս արշաւին։

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement