By Asbarez | Friday, 18 August 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քանի մը օրէ ի վեր, Թուրքիոյ մէջ բաւական աղմուկ բարձրացած է այն գիշերապահներուն գծով, որոնք Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գործելու սկսան այս շաբաթասկիզբը։
Գիշերապահներուն վերադարձը տեղի տուաւ ծանր բանավէճի մը, որ ծնունդ առաւ յատկապէս Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն Մուսթաֆա Չալըշքանէի մէկ յանձնարարականէն։ Արդարեւ, ան գիշերապահներուն յաջողութիւն մաղթելու առընթեր՝ հրահանգած էր. <<Եթէ հարկ տեսնէք, բնա՛ւ մի վարանիք ձեր զէնքերը գործածելէ>>։
Այս գծով իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ խորհրդարանի նախագահութեան դիմելով՝ հետեւեալ հարցումներուն պատասխան խնդրած է.
– Յիշեալ գիշերապահները քանի՞ օրուան ու ինչպիսի՞ մարզումէ անցած են, եւ անոնք ի՞նչ չափանիշներով ընտրուած են։
– Անոնք մարդկային իրաւունքներու յատուկ կրթութիւն ստացա՞ծ են։
– Ճիշդ կը գտնէ՞ք, որ տակաւին առաջին քայլերէն իսկ անոնք զէնք գործածելու իրաւասու ըլլան։
– Ինչպիսի՞ կարգադրութիւն մը նախատեսուած է, որպէսզի գիշերապահները, իրենց զէնքերը գործածելու մասին տրուած հրահանգէն ետք՝ այդ զէնքերը չգործածեն կամայական կերպով։
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին