Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դրական կը վերաբերի պայմանագրային զինծառայողները գոյքահարկէ ազատելու Ելք-ի նախաձեռնութեան նկատմամբ

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

0909Bashdbanoutian

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դրական կը վերաբերի Հայաստանի Ազգային ժողովի <<Ելք>> խմբակցութեան կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած՝ պայմանագրային զինծառայողներուն գոյքահարկի գծով արտօնութիւններ սահմանելու օրէնսդրական նախաձեռնութեան:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գառնիկ Հայրապետեան ըսած է. <<Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դրական կը վերաբերի օրէնսդրական իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան, որ միտուած պիտի ըլլայ զինծառայողներու հասարակական վիճակի բարելաւման եւ զինծառայողի մասնագիտութեան գրաւչութեան բարձրացման, ներառեալ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի <<Ելք>> խմբակցութեան կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած՝ պայմանագրային զինծառայողներուն գոյքահարկի գծով արտօնութիւններ սահմանելու նպատակով՝ <<Գոյքահարկի մասին>> Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկին>>:

Հայրապետեան նաեւ յայտնած է, թէ <<Գոյքահարկի մասին>> Հայաստանի օրէնքին մէջ պայմանագրային զինծառայողներու արտօնութիւններու մասով համապատասխան փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ դրոյթը ներառնուած է <<Զինծառայողներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու, զինուորական հաշմանդամներու, զոհուած (մահացած), անյայտ կորսուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներու հասարակական ապահովութեան ռազմավարութեան>> նախագիծին մէջ:

Ազգային ժողովի <<Ելք>> խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է <<Գոյքահարկի մասին>> Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը, որուն միջոցաւ կ՛առաջարկուի գոյքահարկէն ազատել Հայաստանի Զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու մէջ զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերը: Նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ <<Գոյքահարկի մասին>> Հայաստանի օրէնքի 15րդ յօդուածի երկրորդ մասը գոյքահարկէն կ՛ազատէ միայն Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող անձերը, որ կը նշանակէ, թէ արտօնութիւնը չի տարածուիր պայմանագրային զինծառայողներուն, ներառեալ՝ 20 տարիէն աւելի ծառայութեան մէջ գտնուող սպայական կազմի ծառայողներուն վրայ, որոնք ծառայութիւնը կը շարունակեն պայմանագրային հիմունքներով: Այսպիսի կարգաւորում մը կրնայ նպաստել Հայաստանի Զինուած ուժերէն 20 տարուան պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցած սպայական կազմի հասունութեան:

 

comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement