Վերջապէս Տինքի երկու դատերը կը միանան

By Asbarez | Friday, 15 September 2017

 

0915dink

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Տրապիզոնի ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Էօզի եւ ոստիկան զօրաց ութ պաշտօնեաներու առնչութեամբ Տրապիզոնի մէջ շարունակուող դատավարութիւնը վերջապէս պիտի փոխանցուի Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեան, ուր կը շարունակուի Հրանդ Տինքի ոճիրին դատավարութիւնը: Ամբաստանեալներու դատական վերջին նիստը կայացաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին, Տրապիզոնի առաջին եղեռնադատ ատեանին մէջ:

Տինքի ընտանիքի իրաւապաշտպաններէն՝ Հաքան Պաքըրճըօղլու, դատարանին յղած իր նամակով յիշեցուց երկու դատերուն միացման մասին նախկին հակումները: Այսպէս, Տրապիզոնի դատարանը որոշում կայացուց՝ գնդապետ Ալի Էօզի եւ իր ութ պաշտօնակիցներուն դատավարութիւնը շարունակել Պոլսոյ մէջ:

Գնդապետ Էօզ, հարիւրապետ Մեթին Եըլտըզ, ենթասպաներ Հիւսէյին Եըլմազ ու Օքան Շիմշեք եւ յիսնապետներ Հաճը Էօմեր Իւնալըր, Վէյսել Շահին ու Էօնտեր Արաս նախապէս դատուած էին այս մեղադրանքով եւ ստացած էին չորսէն վեց ամսուան բանտարկութեան պատիժներ: Դատարանը անբաւարար գտած էր ճշդուած պատիժները, ուստի դատավարութիւնը փոխադրուած էր եղեռնադատ ատեան:

Իրականութեան մէջ, դատարանին այս որոշումը ինը տարիներու յամառ պահանջարկի մը աւարտումը կարելի է համարել: Տինքի իրաւապաշտպանները Փետրուար 25, 2008ին կայացած առաջին դատավարութենէն ի վեր, յամառօրէն կը պահանջէին Տրապիզոնի դատավարութեան՝ Պոլսոյ թղթածրարին հետ միացումը: Սակայն փաստաբաններու այս պահանջարկը ընդմիշտ մերժուած էր դատարանին կողմէ:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement