Չինական ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Հայաստանի ճանապարհաշինական ծրագիրներով

By Asbarez | Friday, 01 December 2017

1201china

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Վահան Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունած է չինական China constuction շինարարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւոր կառավարիչի տեղակալ Վէյ Եանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը, նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ պետութիւն- մասնաւոր հատուած համագործակցութեամբ նախատեսուող ճանապարհաշինական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագիրը:

Վահան Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ ցանկալի կը գտնէ, որ այս եւ այլ ծրագիրներու իրականացման գծով չինական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ գտնուին:

Վէյ Եան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ ներկայացուցած է իրենց կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Ան նշած է, որ China construction-ը կը հանդիսանայ Չինաստանի պետական շինարարական ընկերութիւնը, եւ որ այդ ընկերութիւնը կը նկատուի աշխարհի ամէնէն մեծ շինարարական կազմակերպութիւնը: Ընկերութիւնը կը  զբաղի շինարարական եւ նախագծային գործունէութեամբ, աշխատանքներ կը կատարուին բոլոր աշխարհամասերուն վրայ:

Առաջին անգամ ըլլալով Երեւան այցելող այս ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ շինարարական գործունէութիւն ծաւալելու մեծ հնարաւորութիւններ կը տեսնէ:

Վահան Մարտիրոսեան նշած է, որ պետութիւնը պատրաստակամ է համագործակցութեան, եւ նման հեղինակաւոր կազմակերպութիւն ունի բոլոր հնարաւորութիւնները՝ մասնակցելու յառաջիկային յայտարարուող ճանապարհաշինական մրցոյթներուն:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement