Արցախի տագնապի լուծման համար փուլային մօտեցում պէտք է. Լաւրով

By Asbarez | Wednesday, 17 January 2018



ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմինֆօ>>, <<Ռադիօլուր>>.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով համոզում յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը միայն մէկ փաստաթուղթով չի լուծուիր եւ որ տագնապը լուծելու համար փուլային մօտեցում պէտք է:

Արցախի տագնապին լուծումը կողմերուն ձեռքն է՝ աւելցուցած է Լաւրով եւ ընդգծած, որ կողմերէն դրական քայլեր կ՛ակնկալուին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու առաջարկներուն առնչութեամբ:

<<Ռուսիա չի կրնար յստակ ծրագիրներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար, քանի որ խնդիրը պէտք է լուծեն իրե՛նք՝ հակամարտող կողմերը: Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա ամէն բան կ՛ընեն՝ տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու նպատակով>>, ըսած է Լաւրով:

Ան ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած են մեծ քայլերու՝ ամփոփելով հակամարտող կողմերուն բոլոր դիրքորոշումները եւ փորձելով անոնցմէ առանձնացնել Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման այս կամ այն հատուածին վերաբերեալ համընկնող մօտեցումները: Ան նշած է, թէ իրենք փորձած են յուշել այն փոխզիջումները, զորս կողմերը կրնան յանգեցնել ընդհանուր յայտարարի մը, յատկապէս այն հարցերուն մէջ, ուր տակաւին տարակարծութիւններ կան:

Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան համաձայն գտնուած է Լաւրովի այն ձեւակերպման հետ, թէ միայն մէկ փաստաթուղթով ղարաբաղեան խնդիրը չի կրնար կարգաւորուիլ՝ աւելցնելով. <<Սակայն ասուածը չպէտք է բառացի հասկանալ. նախ պէտք է փոխուի Ատրպէյճանի աշխարհայեացքը, փիլիսոփայութիւնը>>, շեշտադրելով յատկապէս հայատեացութենէն ձերբազատուելու անհրաժեշտութիւնը:

Բաբայեան նաեւ հայկական կողմին առած դրական քայլերէն փունջ մը ներկայացուց՝ նշելով, որ Պաքու ցարդ նման քայլերու չէ դիմած:

Արձագանգելով տագնապին փուլային լուծում գտնելու մասին Լաւրովի արտայայտութեան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան իր կարգին ըսած է, որ խօսքը փաթեթային լուծման մասին է, որ փուլային ոճով պիտի իրականացուի, եւ որուն մասին բազմաթիւ անգամներ արտայայտուած են համանախագահող երկիրները:

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է արցախեան հակամարտութեան փուլային կարգաւորման մասին Լաւրովի յայտարարութիւնը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement