Վարչապետը Ծանօթացաւ Հայաստանի Տարածքային Կառավարման Եւ Զարգացման Նախարարութեան 2017 Տարուան Գործունէութեան

By Asbarez | Tuesday, 06 February 2018

0206lokian

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 3 Փետրուարին այցելեց Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն՝ ծանօթանալու 2017ի գերակայ հարցերու կատարման եւ միջոցառումներու իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2018ի ընթացքին կատարելիքներուն:

Ըստ անոր՝ շատ կարեւոր է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան միջոցով կարելի դարձնել ձեւաւորումը համայնքային եւ մարզային կառավարման ճարտարապետութեան, որպէսզի համապատասխան կողմերը տեղեակ ըլլան չափորոշիչներուն եւ առաւելագոյն չափով ներգրաւուած ըլլան զարգացման բոլոր ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ճշդել կառոյցներու վիճակը եւ անհրաժեշտ աշխատանքը տանիլ զանոնք ամրացնելու ուղղութեամբ:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան զեկուցեց, որ 2017ը տարածքային եւ տեղական ինքնակառավարման մէջ հիմնարար փոփոխութիւններու եւ համակարգային յատակագիծերու ներդրման տարի եղած է: Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան ծրագիրներու շրջագիծին մէջ նախարարութեան յանձնարարուած բոլոր աշխատանքները ընթացքի մէջ են. անոնցմէ մաս մը արէն աւարտած է իսկ մնացեալը կ՛իրականացուի մօտիկ ապագային:  Ըստ Լոքեանի՝ քննարկումները ցոյց տուած են, որ ամէնէն լուրջ հարցը տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ է, որոնք չեն ունեցած համակարգային կանոնակարգուած սկզբունքներ այն հիմնական հարցերուն առնչութեամբ, որոնք կը վերաբերին համայնքային տնտեսութեան զարգացման, եկամուտներու յաւելման եւ այլն: Այդ նպատակով նախարարութիւնը նախորդ տարի ստեղծած է 10 մեթոտական աջակցութեան բազմաբնոյթ ուղեցոյցներ, որոնք փոխանցուած են համայնքներուն:

Մեթոտական ուղեցոյցներու կիրարկումով, մեծցուած 34 համայնքի մէջ տարեվերջին 1 միլիառ 125 միլիոն դրամի փոփոխութիւն եղած է:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է համայնքներուն մէջ առկայ ամբողջ գոյքի արձանագրութիւնը եւ ճշգրիտ գոյքահարկի հաշուառումը՝ յանձնարարելով տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ: Ըստ անոր, աշխատանքներն ու գործելաոճը պէտք է նոյնը մնան նաեւ 2018ին: «Մենք ամբողջ դաշտը պէտք է գծենք, վերջացնենք ու հասկնանք՝ իւրաքանչիւր եռամսեակ մենք ի՞նչ կ՛ուզենք, իսկ տարուան աւարտին ի՞նչ է մեր ակնկալութիւնը: Եթէ մենք տարուէ տարի հետեւինք, պիտի գայ օր մը, երբ լուծուած պիտի ըլլան ընթացիկ բոլոր հարցերը»:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան, մշակոյթի եւ միւս մարզերուն մէջ նախարարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքներուն համար, որոնք կը նպաստեն մարզերուն եւ համայնքներուն մէջ այս ուղղութիւններով դրական տեղաշարժին եւ կառավարութեան կողմէ դրուած հարցերու լուծման:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յորդորած է նախարարութեան աշխատակազմը՝ աւելի մեծ թափով շարունակելու ծրագիրներու իրականացումը:

comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement