Քաղաքագէտ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը վերլուծէ ԱՄՆ հետախուզութեան տնօրէնի զեկոյցը

By Asbarez | Friday, 16 February 2018

0216vikenhovsepian

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քաղաքագիտութեան դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տենիըլ Քոթցի հրապարակած զեկոյցը հերթական տեղեկագրութիւն է, զոր պարբերաբար այդ պաշտօնին վրայ գտնուող մարդիկ կը յղեն զանազան մարմիններու եւ հանրային ցանցերու:

Քաղաքագէտը <<Թերթ>>ի հետ զրոյցին ընթացքին նկատած է, որ այդ զեկոյցներուն պաշտօնական եւ մասնակի տարբերակները յաւելեալ մանրամասնութիւններ կ՛ընդգրկեն, եւ <<խիստ գաղտնի>> բնութագրուած ըլլալով՝ հանրութեան սեփականութիւն չեն դառնար:

<<Զեկոյցին մէջ հրապարակուած այն բաժինը, որ կը վերաբերի Արցախեան հակամարտութեան, իր մէջ նոր կամ զգայացունց ոչի՛նչ կը պարունակէ: ԱՄՆ ներկայացուցիչները եւ ուրիշներ միշտ շեշտած են, որ վերջնական եւ ամբողջական համաձայնութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ միշտ առկայ է ռազմական բախումներու հաւանականութիւնը: Ասիկա արդէն նոր գիւտ չէ>>, ըսած է Յովսէփեան:

Այսուհանդերձ, ըստ Վիգէն Յովսէփեանի, Քոթցի ներկայացուցածին մէջ մտահոգիչ եւ ոչ ճիշդ բաներ կային: <<Մտահոգիչ եւ ոչ ճիշդ է պարոն Քոթցի ներկայացուցածին մէջ այն շեշտը, որ կը դրուի Հայաստանի վրայ՝ իբրեւ հակամարտող կողմ: Իբրեւ հայկական կողմ՝ մի՛շտ, նախ եւ առաջ, պէտք է դիտուի Արցախեան Հանրապետութիւնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ներկայացուի իբրեւ զօրակցող կողմ>>, ըսած է Յովսէփեան:

0216danucoats

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տենի-ըլ Քոթց հրապարակած էր <<Համաշխարհային սպառնալիքներու գնահատականը>> խորագիրով զեկոյցը, ուր ներկայացուած էին Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու՝ 2018 թուականի գնահատումները: Զեկոյցին մէջ Քոթց անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ու տարածաշրջանային սպառնալիքներուն:

<<Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող լարուածութիւնը կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լայնամասշտաբ ռազմական հակամարտութեան բռնկումի, որուն կրնայ ներգրաւուիլ Ռուսիան՝ իր տարածաշրջանային դաշնակիցին աջակցելու համար>>, գրուած էր ԱՄՆ հետախուզութեան զեկոյցին մէջ:

Քաղաքագէտ Յովսէփեան նաեւ նկատել տուած է, որ զեկոյցին մէջ կայ խօսք հայկական կողմին ռուսական զէնք հասցնելու մասին, բայց այնտեղ չկայ ոչ մէկ հասցէագրում Ատրպէյճանին հասնող թրքական, ամերիկեան եւ, անշուշտ, ռուսական զէնքի մասին:

<<Թերեւս ամէնէն մեծ բացթողումը ա՛յն է, որ զեկոյցին մէջ կը բացակայի այն իրականութիւնը, թէ վերջին տարիներուն խաղաղութիւն խախտողը նոյն ի՛նքն Ատրպէյճանն է: Այս փաստը ամերիկացի պաշտօնեաները կ՛ընդունին մասնաւոր, ոչ պաշտօնական զրոյցներու ընթացքին, բայց պաշտօնական ելոյթներու մէջ երբեք չեն անդրադառնար Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան>>, շեշտած է Յովսէփեան:

Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, որ Ռուսիան ճնշում կը գործադրէ Կեդրոնական Ասիոյ առաջնորդներուն վրայ՝ նուազեցնելու Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու խորացումը: Արդեօք ԱՄՆ հիմա ընդհանրապէս չի՞ մտածեր Հայաստանը իր ազդեցութեան գօտին վերածելու մասին. այս հարցումին պատասխանելով՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան ըսած է. <<ԱՄՆ կովկասեան թատերաբեմին գծով երկար տարիներ բաւական իրատեսական վարքագիծ որդեգրած է, այն իմաստով, որ ընդունած է, թէ այնտեղ կարելի չէ կարճ շունչով գործել եւ բախումի երթալ Ռուսիոյ հետ: ԱՄՆ ընդունած է, որ այստեղ ռուսական շահերը այնքա՛ն խոր են եւ անմիջական, որ այդ թատերաբեմին վրայ ուղղակի առճակատումը իմաստ չունի: Փոխարէնը՝ պարզ է, որ ընտրուած է երկարաժամկէտ, ընկերամշակութային եւ <<մաշեցնող>> մրցակցութիւն, մինչեւ որ Հայաստանի մէջ պայմանները աւելի ձեռնտու դառնան ուղղակի ազդեցութեան համար: Առայժմ ընթացքի մէջ էր երրորդ կողմերու, ոչ կառավարական միաւորներու, մշակութային եւ ընկերային ազդեցութիւններու ճանապարհով աւելի՛ խուլ եւ անուղղակի պայքարը>>:

 

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement