Նոր պայմաններու լոյսին տակ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնը պէտք է ընթանայ նոր փաստաթուղթի շուրջ - Միւնիխի Մէջ Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան

By Asbarez | Monday, 19 February 2018

serj

Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Փետրուարի երեկոյեան մասնակցած է Միւնիխի Ապահովութեան վերաժողովին, որուն ընթացքին <<Նե՞րս, թէ՞ դուրս. Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ինկած երկիրները>> խորագիրով քննարկման ատեն խօսք առնելով` հաստատած է. <<Հայ-թրքական արձանագրութիւններու բանակցութիւնը կատարուած էր` մեկնելով եղած պայմաններէն: Եթէ Թուրքիան կ՛ուզէ սպասել այլ պայմաններու, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, ան չարաչար կը սխալի: Նոր պայմաններու լոյսին տակ պէտք է բանակցութիւն ընթանայ նոր փաստաթուղթի շուրջ>>:

Նախագահական պաշտօնական կայքին համաձայն, նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան, համարկման հոլովոյթներու ծիրին մէջ Հայաստանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան հետ, անվտանգութեան առումով շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, այդ պարունակին մէջ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:

<<Արցախի տագնապի հանգուցալուծման վերաբերեալ ջանքերը կրնան օրինակ ծառայել, թէ ինչպէս Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կրնան դրական կերպով համադրել իրենց դիրքորոշումները` յանուն միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան: Մեր փափաքն է, որ նման ընդհանրութիւններ առաւել յաճախ դրսեւորուին>>, դիտել տուած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահը խօսած է նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ստանձնած եւ բանակցութեան ենթակայ եղած յանձնառութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ տակաւին նախորդ դարու 70ական թուականներուն սկիզբ առած Հելսինքեան գործընթացին նպատակը Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումն էր` ապահովելով ժողովուրդներու համերաշխութիւնը, արժանապատիւ եւ իրաւահաւասար համակեցութիւնը, որ, Սարգսեանի համաձայն, այսօր ալ կը շարունակէ արդիական մնալ:

Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին տասը սկզբունքները մէկ միասնական ընդհանրութիւն են, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը պէտք չէ տարանջատուի կամ հակադրուի միւսներուն. <<Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Հելսինքիի ոգիի աղաղակող ոտնահարում է Արցախի հարցին շուրջ: Ատիկա յատկապէս ակնառու է դրացի երկրին մէջ սկսած նախընտրական շրջանին: Նախագահ Ալիեւ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս տարածքային նկրտումներ կը յայտարարէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հանդէպ` անուանելով զայն պատմական Ատրպէյճանի տարածք: Զառանցանք է, ի հարկէ, բայց Եւրոպայի լռութեան լոյսին տակ այդպիսի անհեթեթութիւնները կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ>>, դիտել տուած է Սարգսեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի` ԵՏՄի անդամակցութեան, նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ Հայաստան այդ կառոյցին միացած է <<յստակ կերպով գիտակցելով, որ անիկա լաւագոյնս պիտի ծառայէ տնտեսութեան զարգացման, երկրի ապագային>>: Ըստ անոր, ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը խոչընդոտէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: <<Եւրոպական Միութեան հետ մեր համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացաւ վերջերս ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով: Այժմ կարեւոր է, որ այդ փաստաթուղթի վաւերացման գործընթացը ընթանայ պատշաճ արագութեամբ: Մենք մնայուն կերպով պիտի ձգտինք համագործակցիլ այն բոլոր ուժերուն հետ, որոնք արդէն իսկ հասած են մեծ յաջողութիւններու եւ կրնան նպաստել մեր երկրի զարգացման: Նշուած քաղաքականութիւնը կը դիւրացնէ Հայաստանի փոխադարձ գործակցութիւնը թէ՛ ԵՏՄի, թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ: Ասիկա նաեւ կարելիութեան դուռ կը բանայ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կ’ուզեն Հայաստանի միջոցով ընդլայնել գործարար կապերը այս երկու կառոյցներուն միջեւ>>, ըսած է նախագահը:

 

Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն` ընդգծելով, որ Թուրքիան կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, եւ <<ժամանակը այստեղ կարծես կանգ առած է>>: Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ Հայաստանը ամէն ինչ ըրած է իրավիճակը յաղթահարելու համար, սակայն 2009ին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած հաշտեցման արձանագրութիւնները այդպէս ալ մնացած են թուղթի վրայ:

 

<<Թուրքիան ո՛չ միայն չվաւերացուց զանոնք, այլեւ առաջադրեց արձանագրութիւններուն հետ որեւէ կապ չունեցող նախապայմաններ: Ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատմական կարելիութեան տապալում: Արդեօք Ազրպէյճա՞ն կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցին մէջ, ինչպէս մեզ շատեր կը փորձեն համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիոյ առաջնորդներուն մօտ քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է>>, ըսած է նախագահ Սարգսեան` եզրափակելով. <<Մենք չենք կրնար սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն: Արձանագրութիւններուն շուրջ բանակցութիւններ կատարուած են` մեկնած օրուան պայմաններէն: Եթէ Թուրքիան կ’ուզէ սպասել այլ պայմաններու, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, ան չարաչար կը սխալի: Նոր պայմաններու լոյսին տակ նոր փաստաթուղթի բանակցութիւն պէտք է ըլլայ: Հայաստան նախապայմաններու լեզուով չի խօսիր, միեւնոյն ատեն չ’ընդունիր որեւէ մէկուն կողմէ նախապայմաններու առաջադրում>>:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement