Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթըն պիտի այցելէ

By Asbarez | Wednesday, 21 February 2018

 

0221elizabeth

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Մարտի սկիզբը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակէն Եղիսաբէթ Չուլճեան կը յայտնէ, որ հայ օրէնսդիրներու այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ԱՄՆի մայրաքաղաքի քաղաքական գործիչներուն եւ փորձագէտներուն՝ ծանօթանալու Հայաստանի դիրքորոշման:

Չուլճեան կը յայտնէ, որ Քոնկրեսի շէնքին մէջ Հայաստանի պատուիրակներուն ի պատիւ յատուկ ընդունելութիւն կազմակերպուած է:

<<Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին ամերիկեան քոնկրեսականներու խումբ մը այցելեց Հայաստան, անոնց մէկ մասը նաեւ Արցախ: Այդ ժամանակ գաղափար ծնաւ, որ այս հանդիպումները շարունակական ըլլան եւ որ նաեւ Հայաստանի ԱԺ ներկայացուցիչները Ամերիկա գան՝ հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերը աւելի ջերմացնելու ամերիկեան քոնկրեսականներու հետ>>:

Ուաշինկթընի մէջ հայ պատգամաւորներու հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին հայ-ամերիկեան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւման ու խորացման կարելիութիւնները:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement