Երեւանի մէջ - Հայաստան այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն եւ Երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները - շեշտեց նախագահ Աուն

By Aztag Daily | Thursday, 22 February 2018

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան, ուր ան այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Առաջին անգամ Հայաստան այցելող նախագահ Աուն Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Պապիկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակի փոխնախագահ Վարդան Մակարեանի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանի, արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան բաժինի պատասխանատու Սարմէն Պաղտասարեանի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ նաեւ աւանդական աղ ու հացով, որմէ ետք պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Էջիմածին:

Նախագահ Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, նախագահի խորհրդականներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ Միրէյ Աուն-Հաշեմ, ինչպէս նաեւ նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆիք Շլալա եւ մեծ թիւով լրագրողներ:

Էջմիածինի մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ողջունեց նախագահ Աունը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: «301 թուականին կառուցուած այս եկեղեցւոյ մէջ կ՛ողջունենք ձեզ, կ՛աղօթենք ձեզի համար եւ կ՛օրհնենք Լիբանանը, անոր իշխանութիւններն ու լիբանանցի մեր եղբայր ժողովուրդը: Մենք վստահ ենք, որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ նոր առիթ մը` ամրապնդելու համար հայկական-լիբանանեան յարաբերութիւնները, որոնք եղբայրութեան, բարեկամութեան ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հեզասահ յարաբերութիւններ են: Այդ յարաբերութիւններուն ընթացքը անշուշտ կը պարտինք լիբանանահայութեան, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը կամրջէ: Մենք շնորհակալ ենք ու գոհունակութիւն կը յայտնենք լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ճողոպրած հայութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար: Կ՛աղօթենք, որ Լիբանան բարգաւաճի` պահպանելով իր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին եւ արդիւնաւէտ դառնան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Նախագահ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: «Երկկողմանի մեր յարաբերութիւններուն մէջ ցանուած հունտերը իրենց պտուղները տուած են: Մենք շատ բան գիտենք Հայաստանի մասին, յատկապէս անոր ընդգրկած քրիստոնէական պատմութեան մասին: Հայաստան առաջին երկիրն է, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ճանչցած է, հակառակ այդ ժամանակաշրջանին ինքզինք պարտադրած հռոմէական հալածանքներուն: Այդ մարտահրաւէրները ցոյց կու տան հայ ժողովուրդին քաջութիւնն ու անոր խոր եւ անխախտ համոզումները: Մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք հայկական ինքնութեամբ լիբանանցիներու հետ, որոնց մաս կազմող կարգ մը անձնաւորութիւններ մեզի կ՛ընկերակցին այսօր: Լիբանանահայերը կատարեալ ներդաշնակութեամբ համարկուած են լիբանանեան կեանքին ու կը բաժնեն լիբանանցիներուն ցաւերը եւ ուրախ պահերը: Հայերուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ նմանութիւնները մեծ են ու շատ», յայտնեց նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, թէ իբրեւ քրիստոնեաներ կը հաւատան, որ սէրը կը փշրէ բոլոր արգելքները, հաւատքով կը հզօրանայ մեր ուժը, իսկ յուսալով մարդ արարածը լաւատեսութեամբ կ՛ապրի: «Կը մաղթենք, որ ամբողջ աշխարհին մէջ կարենանք խաղաղութիւն հաստատել», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանդիպումին աւարտին նախագահ Աուն եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս յուշանուէրներ փոխանակեցին:

Նախագահ Աուն իր խօսքը ուղղելով լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Ապա նախագահ Աուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի եւ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Էջմնածինի մայր տաճար եւ այցելեց անոր թանգարանը, ուր վկայեց Նոյեան տապանի բեկորի մը, ինչպէս նաեւ կրօնական ու պատմական այլ հնութիւններու:

Նախագահ Աուն իր խոր տպաւորութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ եւ թանգարանին մէջ գտնուող մասունքներուն նկատմամբ` հաստատելով, որ անոնք կը դրսեւորեն իրենց հոգեւոր արմատներուն եւ հինէն եկող քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ հայութեան կառչածութիւնը:

Էջմիածինէն ետք նախագահ Աուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր ան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի փոխտնօրէն Գէորգ Վարդանեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ապա ան իր անունով մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառատնկումին եւ ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան:

Ցեղասպանութեան թանգարանի յիշատակի մատեանին մէջ նախագահ Աուն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այս թանգարանին մէջ վկայեցի սարսափելի նկարներ ու շօշափելի փաստեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնալի փուլին մասին, երբ անոնք վայրագ սպանդներու ենթարկուեցան: Սպանդներ, որոնց նմանը դարերու ընթացքին քիչ պատահած է: Այս փաստերը կը մղեն, որ հաստատեմ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իմաստով արդարութիւնը պէտք է պարտադրուի, որպէսզի յիշողութիւնը բիւրեղանայ եւ անիրաւութեան դէմ իրաւունքի յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւնը կարելի ըլլայ վերահաստատել:

Կ՛ողջունեմ փառաւոր հայ ժողովուրդը, որ հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ անիրաւութեան, կրցաւ հիմնել հպարտալի երկիր մը եւ կառչած մնալով հինէն եկող իր քաղաքակրթութեան կ՛ուղղուի կերտելու աւելի փայլուն ապագայ մը»:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, նախագահ Աուն «Ռատիսըն Պլու» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայերու հետ` կազմակերպութեամբ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան «տիեզերական երկիր» է` աւելցնելով, որ զուգադիպութիւն չէ, թէ ուր որ արտերկրի լիբանանցի կայ, անպայման կան նաեւ հայեր: Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայերուն պահպանելու իրենց մշակոյթն ու աւանդութիւնները, որովհետեւ Լիբանան հարուստ է մշակութային եւ գիտական իր բազմազանութեամբ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան եւ Հայաստան նաեւ ապաստանի երկիրներ են եւ ոչ միայն բռնագաղթի երկիրներ:

«Այս պատճառով ալ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան զգացումները ամուր են», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան այցելելու Լիբանան եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Յաճախակի այցելութիւններուն շնորհիւ է, որ մենք կը զգանք, թէ նոյն երկրին մէջ կ՛ապրինք, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ հեռաւորութիւնը երկար չէ: Լիբանանահայութեան հետ յիշողութիւնս կը սկսի աշակերտական տարիքէս եւ ապա լիբանանեան բանակին մէջ զինակից հայ ընկերներէս, իսկ անոր կը յաջորդէ քաղաքական ասպարէզս եւ հայոց հետ քաղաքական նոյն համախմբումին մէջ ըլլալու իրականութիւնը: Ես այսօր ինքզինքս Պէյրութ կը զգամ եւ կամ որեւէ տեղ, ուր լիբանանցիներ կան: Կ՛ուզեմ ձեր նկատմամբ սիրոյ իմ զգացումներս արտայայտել եւ խնդրել ձեզմէ, որ լիբանանեան ձեր ինքնութիւնը չմոռնաք: Պահպանեցէ՛ք ձեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, եւ մենք բնաւ չենք մոռնար Լիբանանի կերտումին մէջ ձեր ունեցած ազդու դերակատարութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, դեսպան Մայա Տաղեր յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ կան` աւելցնելով, որ ինք հպարտ կը զգայ Հայաստանի մէջ իր շօշափած իրականութեամբ` նկատի ունենալով լիբանանահայութեան ունեցած ներդրումը Հայաստանի տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ ինք յաւելեալ աշխուժ գործակցութիւն պիտի ունենայ լիբանանահայութեան հետ, որպէսզի Հայաստանի մէջ Լիբանան իր բովանդակած պատգամ երկրի կարգավիճակով ներկայանայ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement