Հետեւողական պիտի ըլլանք - Ռուստամեան

By Asbarez | Friday, 09 March 2018

0309Rusdamian

Չորեքշաբթի, 7 Մարտին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած <<Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան մասին>> Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը:

Վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴն կողմ պիտի քուէարկէ՝ այն պայմանով, որ առաջինէն երկրորդ ընթերցում ժամանակահատուածին մէջ իրենց առաջարկը անգամ մը եւս քննարկուի յանձնախումբին կողմէ:

<<Այդ մասին խօսած ենք յանձնախումբին: Մեր հետեւողական մօտեցումը այլ է, որ այսպիսի յանձնախումբերու մէջ պէտք է քաղաքական ուժերը իրենց առաջարկները կատարելու փուլին մասնակցութիւն ունենան, յատկապէս ընդդիմութեան վերապահուի այդպիսի առիթ: Մենք այդ առաջարկը պիտի քննարկենք առաջինէն երկրորդ ընթերցումով, կ՛ակնկալենք, որ այդ քննարկումը տեղի կ՛ունենայ եւ այս հարցի լուծման կ՛անդրադառնանք առաջինէն երկրորդ ընթերցումին ընթացքին: Այդ հարցը բարձրացուցած է նաեւ մեր ներկայացուցիչը յանձնախումբի նիստին>>, ըսաւ Ռուստամեան:

Նշենք, որ ըստ նախագիծին, Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնախումբը, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն համաձայն, կը դառնայ  ինքնավար մարմին, որուն անդամները ձայներու մեծամասնութեամբ կը նշանակուին Հայաստանի  Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ՝ վարչապետին առաջարկով:

Տեղեկացնենք, որ ՀՅԴն կ՛առաջարկէ, որ ինքնավար մարմինի անդամներու առաջադրումը վերապահուի Ազգային ժողովին կողմէ ձեւաւորուելիք մրցութային յանձնախումբին, որուն մասնակից կրնան  դառնալ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները, Գործարարներու միութիւնը եւ այլն:

Աւելցնենք, որ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակին կողմէ Հայաստանի Ազգային ժողով ներկայացուած է Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ առաջարկներու ծրար մը:

 



comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement