Նալբանդեան ներկայացուց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 14 March 2018

0314nalbandian

Պաշտօնական այցելութեամբ Սթոքհոլմ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Շուէտի առաջնակարգ վերլուծական կեդրոններու՝ Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Միջազգային յարաբերութիւններու շուէտական հիմնարկի, Ուփսալայի համալսարանի խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի, <<Եարլ Հեալմարսըն>> հիմնարկի ղեկավարութեան եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին, Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, անդրադարձաւ հայ-շուէտական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:

Արտաքին գործոց նախարարը արժեւորեց Շուէտի հետ համագործակցութիւնը՝ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով, կարեւոր համարելով փոխգործակցութիւնը Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու եւ մասնաւորապէս Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ։ Նախարար Նալբանդեան անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրին ու անոր հետ կապուած համագործակցութեան հեռանկարներուն:

Նախարարը ներկաներուն ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն համատեղ ջանքերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ հարցերու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին կովկասեան եւ յարակից տարածաշրջաններու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միջազգային հարթակին վրայ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement