Ռուսական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեց

By Asbarez | Wednesday, 14 March 2018

 

0314Rus

Ռուսիոյ ծերակոյտի միջազգային հարցերու կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ նոյն կոմիտէի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանի ուղեկցութեամբ, 13 Մարտին, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Ըստ Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին, ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգեցին նահատակներու յիշատակը: Անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ ծանօթացած ցուցանմուշներուն, իսկ Քոնսթանթին Քոսաչեւ յուշամատեանին մէջ արձանագրութիւն կատարեց:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement