Նախագահ Բակօ Սահակեանի՝ Միացեալ Նահանգներ այցելութեան մէջ մեծ ներդրում ունի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը - Մանոյեան

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018

0321giro

<<Այսօր, եթէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կ՛այցելէ Ուաշինկթըն, անոր մէջ մեծ ներդրում ունի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Եթէ քանի մը տարի առաջ Ամերիկայի մէջ Արցախի բարեկամները Արցախի Հանրապետութեան նախագահին խորհուրդ կու տային, որ ձեր ներկայութիւնը ցանկալի չէ, օգտակար չէ, արդիւնաւէտ չէ, եւ քանի մը տարի ետք փաստ կ՛արձանագրուի, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ո՛չ միայն կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք, այլ օրէնսդիր կառոյցի շէնքին մէջ ելոյթ կ՛ունենայ, ատիկա արդէն փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ: Ասիկա ինքնին փոփոխութեան մը արդիւնք է, եւ տեւական աշխատանքի օղակ է>>, անդրադառնալով նախագահ Բակօ Սահակեանի՝ Միացեալ Նահանգներ  կատարած այցելութեան՝ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադառնալով հայ-թրքական չեղեալ հռչակուած արձանագրութիւններուն՝ Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ յառաջիկային անկարելի է սպասել նոր փաստաթուղթի մը. <<Նախագահ Սերժ Սարգսեան  ըսաւ, թէ եթէ Թուրքիան կը սպասէ այլ պայմաններու, այլ պայմաններու մէջ այս փաստաթուղթերը պիտի չըլլան, այլ պայմաններու մէջ այլ փաստաթուղթերու մասին այլ բանակցութիւններ պիտի ըլլան>>, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ մինչեւ 2019ի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները ոչինչ պիտի շարժի, որովհետեւ այս բոլորին  պատասխանատուն Թուրքիան է:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement