Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները տակաւին ռազմավարական չեն, բայց այդ ուղղութեամբ կը շարժին - Մանոյեան

By Asbarez | Tuesday, 10 April 2018

0410giromanoyan

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Անգարա կատարած այցելութիւնը անոր վերընտրուելէն ի վեր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է: 7 Ապրիլին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ ոչ մէկ տեղ յիշուած է, որ հայութեան հետ առնչուող որեւէ հարցի մասին քննարկում կատարուած է:

Ըստ Մանոյեանի՝ պէտք է յայտնել, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները թէեւ առայժմ տակաւին ռազմավարական բնոյթ չեն կրեր, սակայն այդ ուղղութեամբ կը շարժին, եւ ատիկա մեզ պէտք է մտահոգէ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու չեղեալ համարումը այս հանդիպումին հետ որեւէ առնչութիւն չունի. Ռուսիա պէտք է գոհ ըլլայ, որ այդ արձանագրութիւնները չեղեալ համարուեցան, որովհետեւ անոնք ամերիկեան նախաձեռնութիւն էին: Ճիշդ է, որ Ռուսիա պահ մը ներկայ էր այդ արձանագրութիւններու ստորագրումին: <<Պէտք է զգօն ըլլանք այս յարաբերութիւններու զարգացումներուն ընթացքին՝ նկատի ունենալով, որ անոնք կրնան վերածուիլ ռազմավարականի, իսկ մենք, փաստօրէն, տեսած ենք, թէ երբ Ռուսիա ու Թուրքիա ռազմավարական յարաբերութիւններ կը մշակեն, անոնք ինչպիսի՞ անդրադարձ կ՛ունենան մեր վրայ>>, ըսաւ ան: Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ Մանոյեան յայտնեց, որ այս երեք պետութիւնները ունին նաեւ հակասական շահեր, բայց այսօր այդ շահերը ինչ որ տեղ մը կը համընկնին. անոնք կը վերաբերին Սուրիոյ եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն: ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, բայց զգօնութիւն պէտք է պահել: <<Այո՛, փաստօրէն անոնց մօտեցումները հակասական են որոշ հարցերու նկատմամբ, բայց ինչ որ տեղ անոնք կը համադրուին: Այս երկիրները միացնողը Սուրիոյ մէջ քրտական զինուած ուժերու ազդեցութեան ընդլայնումի ու ամերիկեան գործօնի հարցն է>>, ըսաւ ան:

Մանոյեան աւելցուց, որ Թուրքիա արդէն ներխուժած է Սուրիա, գրաւած որոշ տարածքներ, եւ նկատի ունենալով անոր նկրտումները՝ դժուար է ակնկալել, որ այդ տարածքներէն դուրս գայ: Ըստ Մանոյեանի՝ Թուրքիոյ ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ մտահոգիչ կրնայ դառնալ յատկապէս, եթէ Գամիշլիի շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններ ծաւալին:

Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն անդրադառնալով՝ Մանոյեան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա կ՛ակնկալէր, որ տարածաշրջանին մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, ուրեմն նոր պայմաններով, նոր բանակցութիւններ պիտի ըլլան: Այս էր Միւնիխի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շեշտածը: <<Սփիւռքը դէմ չէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Սփիւռքի մէջ կային նաեւ ուժեր, որոնք Հայաստանի իշխանութիւններու մօտեցումին կողմնակից էին, հարցը այն էր, որ այդ յարաբերութիւնները ի՞նչ գնով պէտք է սկսէին: Պէտք է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ սկսին, եթէ բարիդրացիական յարաբերութիւններ կ՛ուզենք ունենալ: Կարելի չէ շրջափակման մէջ պահել մեր երկիրը: Սակայն պէտք է յարաբերութիւններու բնականոն ընթացք ըլլայ, ոչ թէ Հայաստան ինչ որ գին վճարէ: Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յոյսը մեզ ծունկի բերել է, սակայն մենք ծունկի չենք եկած>>, ըսաւ ան:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement