Անգարա Նախապայմաններ Կը Դնէ Դիւանագիտական Կապեր Հաստատելու Փաշինեանի Առաջարկին Դիմաց

By Asbarez | Saturday, 12 May 2018

 

0512trk arm2

ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, <<Արմէնփրէս>>, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Անգարայի հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին յայտարարութեան, դարձեա՛լ կրկնելով Անգարայի նախապայմանները:

Ըստ թրքական <<Հիւրրիյէթ>> թերթին՝ Եըլտըրըմ յայտարարած էր, որ Թուրքիա չի փափաքիր իր դրացի պետութեանց հետ թշնամական յարաբերութիւններ ունենալ: Այնուհանդերձ, ան, ըստ էութեան, չէ շեղած Հայաստանի նկատմամբ թրքական աւանդական քաղաքական գիծէն: Եըլտըրըմ նշած է. <<Անշուշտ, եթէ Հայաստան փոխէ տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ հանդէպ ունեցած թշնամական դիրքորոշումը, հրաժարի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու նկատմամբ ունեցած նկր-տումներէն, ամէ՛ն ինչէ հրաժարի ու փափաքի նոր էջ բանալ, ապա մենք կ՛ուսումնասիրենք մանրամասնութիւններն ու ատոր անհրաժեշտ պատասխան կու տանք: Եթէ այսպիսի մօտեցում ըլլայ, առաջարկը կը քննարկենք մեր պետութեան շահերու ծիրէն ներս>>:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 9ին, Արցախ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումին՝ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, սակայն՝ առանց նախապայմաններու: Ան շեշտած էր, թէ Թուրքիա՛ն է, որ իր նախապայմաններուն վրայ կը պնդէ, եւ թէ անոնցմէ մէկը կը վերաբերի երրորդ երկրի մը՝ Ատրպէյճանին։ Փաշինեան նաեւ ըսած էր, թէ ինք այս հանգրուանին նոյնիսկ Թուրքիայէն չ՛ակնկալեր, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն վստահեցուցած էր, որ Երեւան Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի հետապնդէ միջազգային մակարդակով։

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement