Նոր Կառավարութեան Ծրագիրը Չի Նախատեսեր Արտաքին Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն

By Asbarez | Tuesday, 15 May 2018

 

0515ministers

ՍՈՉԻ, <<Արմէնփրէս>> - Երկուշաբթի, 14 Մայիսին, Սոչիի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) բարձրագոյն խորհուրդի լայն կազմով գումարուած նիստին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան տրամադրուած է շարունակել աշխոյժ փոխգործակցութիւնը ԵԱՏՄ գործընկերներուն հետ:

Փաշինեան յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է իշխանութեան խաղաղ փոփոխութիւն, իսկ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան ծրագիրը հայեցակարգային առումով չի նախատեսեր արտաքին քաղաքական ուղենիշի փոփոխութիւն:

<<Հաստատում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններին լիակատար յանձնառութիւնը, այդ թւում՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակում>>, յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

ԵԱՏՄ բարձրագոյն խորհուրդի այս նիստը անդամ-պետութիւններու ղեկավարներու 2018ի առաջին հանդիպումն է: Բարձրագոյն խորհուրդը միութեան բարձրագոյն մարմինն է, որուն կազմին մէջ կը մտնեն անդամ պետութիւններու ղեկավարները: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կը գործէ 1 Յունուար 2015էն ի վեր: Անոր մաս կը կազմեն Հայաստան, Պելոռուս, Ղազախստան, Ղրղզիստան եւ Ռուսիա:

 

comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement