Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանի զարգացման

By Asbarez | Saturday, 19 May 2018

0519developmentbank

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 18 Մայիսին ընդունեց Ասիական զարգացման դրամատան տարածաշրջանային տնօրէն Շէյն Ռոզընթալը:

Հանդիպման ընթացքին վարչապետը իր գնահատանքը յայտնեց Ասիական զարգացման դրամատան Հայաստանի ենթակառուցուածքներու եւ պետական կառավարման համակարգի զարգացման գործին ներգրաւուածութեան համար:

<<Յոյս ունենք, որ մեր յետագայ համագործակցութեան ընթացքում կը կարողանանք համատեղ ջանքերով բարձրացնել նաեւ հանրային վստահութեան մակարդակը վարկերի ծախսման արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ: Գիտեմ, որ Ասիական զարգացման բանկը թափանցիկ գործելակերպի կողմնակից է, հետեւաբար, սա նշանակում է, որ մեր յետագայ համագործակցութեան համար խոչընդոտներ չկան>>, յայտնեց կառավարութեան ղեկավարը՝ կարեւոր նկատելով իրականացուող ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:

Փաշինեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ այն միջազգային պարտաւորութիւններուն, զորս ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացները կ՛ոգեւորեն նաեւ միջազգային գործընկերները՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ այլ հիմնահարցերու լուծման աշխատանքին:

Շէյն Ռոզընթալ նշեց, որ Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանի զարգացման: Դրամատան տարածաշրջանային տնօրէնը վարչապետին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ իրականացող ծրագիրներու ընթացքը՝ ենթակառուցուածքներու զարգացման, կառավարման համակարգի բարելաւման, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ընթացքին, մենաշնորհներու դէմ պայքարին, կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն եւ այլ հարցերու:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement