Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցաւ համաշխարհային դրամատան պատուիրակութեան հետ

By Asbarez | Saturday, 19 May 2018

0519ardzvik

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցաւ Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութղոյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումի առանցքը կազմեց Համաշխարհային դրամատան եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ու Հայաստանի կառավարութեան յառաջիկային ներկայացուելիք ծրագիրին առնչուող հարցեր:

Նախարար Մինասեան հանգամանալից կերպով անդրադարձաւ նախարարութեան կողմէ Համաշխարհային դրամատան համագործակցութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն եւ քաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ տնտեսութեան իրավիճակին: Խօսելով նոր ձեւաւորուած կառավարութեան ու Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութեան մասին՝ նախարարը վստահեցուց, որ ջանք ու եռանդ պիտի չխնայուի տնտեսական բարեփոխումները ժամանակին եւ լաւագոյնս իրականացնելու համար:

Նախարարը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ ներդրումներ իրականացնելու նոր կարելիութիւններու ստեղծումին, ուր խաղի կանոնները բոլորին համար նոյնը կ՛ըլլան: Յատկապէս նշուած է արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող դրական ազդակներու եւ բազմաթիւ անձերու ու կազմակերպութիւններու Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու փափաքին մասին:

Արծուիկ Մինասեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նախարարութեան հետ իրականացող Համաշխարհային դրամատան ծրագիրներու ընթացքին: Միտքեր փոխանակուեցան արտածումի խթանման, պետութիւն-մասնաւոր հատուած գործընկերութեան, տնտեսական մրցակցութեան եւ հակամենաշնորհային քաղաքականութեան, ՓՄՁ զարգացման, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ:

Սիլվի Պոսութղօ, շնորհաւորելով նախարարը նշանակումին առիթով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրներու մանրամասն ներկայացումին համար: Համաշխարհային դրամատան պատուիրակութեան անդամները նախարարին ներկայացուցին <<Ապագայի Հայաստանը. միակցում, մրցակցութիւն, բարգաւաճում>> երկրի համակարգուած գնահատումի զեկոյցը, որ ամբողջական տնտեսական վերլուծութիւն է իրենց կողմէ ներկայացուած եւ որպէս ուղեցոյց կրնայ հանդիսանալ Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութեան գործընթացին:

Հանդիպումին ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ Համաշխարահային դրամատան յառաջիկայ ոլորտային փորձագիտական առաքելութիւններու հետ հանդիպումներու համար: Աւարտին կողմերը անգամ մը եւս յայտնեցին միասնական աշխատանքը եւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement