Իրան Պիտի Աւելցնէ Հայաստանին Բնական Գազի Մատակարարման Ծաւալները

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0619iran

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Իրանի ազգային կազի ընկերութեան գործադիր տնօրէն Համիտ Ռեզա Երկուշաբթի, 18 Յունիսին, Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ այս տարի Հայաստան աւելի մեծ ծաւալներով բնական կազ պիտի ստանայ Իրանէն:

Ռեզա յիշեցուց, որ երկու երկիրները համաձայնութեան հասած են ելեկտրական ուժի դիմաց իրանեան կազի արտածման շուրջ՝ ըստ որուն, Հայաստան պարտաւորուած է Իրանին մատակարարել 3 քիլոուաթ/ժամ ելեկտրական ուժ՝ մէկ խորանարդ մեթր կազի դիմաց:

2018ին Իրանէն Հայաստան կազի արտածումը կը մեծնայ օրական մէկ միլիոն խորանարդ մետթրէն մինչեւ 1.6 միլիոն խորանարդ մետթր:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement