Թայմ-ը Ժողովրդավարութեան Չորս Առաջամարտիկներէն Մէկը Կը Համարէ Փաշինեանը

By Asbarez | Monday, 16 July 2018

0714Time

ՆԻՒ ԵՈՐՔ -<<Թայմ>> շաբաթաթերթը յօդուածով մը անդրադարձած է աշխարհի տարածքին ժողովրդավարութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, նկատել տալով, որ ներկայիս աշխարհի բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը կ՛ապրի մենատիրական պետութիւններու մէջ, մինչ շատ ուրիշներ, անցեալի վայելած իրենց իրաւասութիւնները սկսած են կորսնցնելու ժողովրդավարութեան արձանագրած նահանջին հետեւանքով։

Այս բոլորին դիմաց, թերթը նաեւ գտած է յոյսի նշոյլներ՝ Հայաստանի, Թոկոյի, Թունուզի եւ Նիքարակուայի մէջ։

Արդարեւ, թերթը ժողովրդավարութեան առաջամարտիկներէն մէկը կը համարէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ թերթին յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան առաջնորդած շարժումը նախաձեռնած է՝ մղուած իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած սիրոյ զգացումէն։

<<Նպատակս էր ժողովուրդիս ազատութիւնն ու ուրախութիւնը ապահովել։ Որոշած էի քաղաքական ասպարէզէն հեռանալ, եթէ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ ցոյցերը դրական արդիւնք չտային։ Նաեւ, առաջին օրէն որոշած էին հեռու մնալ բռնարարքներէ, նոյնիսկ եթէ յարձակումներու թիրախ դառնայինք։ Բեմէն յայտարարեցի, որ եթէ մէկը քեզի ապտակէ, միւս երեսդ դարձուր։ Համոզուած էին, որ նահանջել չկար։ Վերջապէս ժողովուրդը յաղթեց եւ կարելիս պիտի ընեմ ժողովուրդին յաղթանակը ամրապնդելու խոստումս յարգելու համար։ Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք ժողովրդավարութիւն կերտել, դէմ դնել զեղծարարութեանց եւ հաստատել արդար իրաւակարգ մը, միաժամանակ պաշտպանելով մարդկային իրաւունքները եւ հաստատելով տնտեսական մրցակցութեան արդար պայմաններ։ Մեզի համար ժողովրդարավարութիւնը մասնիկ մը չէ տարածաշրջանային շահերուն կամ արտաքին քաղաքականութեան, այլ արտացոլացումն է մեր արժէքներուն եւ համոզումներուն։ Կը հաւատամ, որ կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը դարձնել աշխարհի ամէնահաստատ ժողովրդավարութիւններէն մէկը>>, <<Թայմ>>ին ըսած է վարչապետ Փաշինեան։

Միւս երեք առաջամարտիկները կը նկատուին Թոկոյի նախագահին ընդդիմացող լրագրող եւ քաղաքական գործիչ՝ Ֆարիտա Նապուրեմա, Թունուզի մէջ ժողովրդավարական շարժումը առաջնորդելուն համար Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակը շահած Ուէյտետ Պուշամաուի եւ Նիքարակուայի մենատիրական կառավարութեան դէմ պայքարող Էնրիէթ Մարթինեզ։

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement