ՀՅԴ Գաղափարական Առաջադրանքները Ժողովրդային Դարձնողը ՀՄԸՄ-ն Է

By Aztag Daily | Monday, 30 July 2018

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին արտասանած խօսքը:

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կը յուշէ այս ծաւալուն կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան տարեկից ըլլալը: Պատմական իրադրութիւններու բերումով, սակայն, ՀՄԸՄ-ը առաւելաբար իր աշխատանքները ծաւալեց սփիւռքեան տարածքին, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներու մարմնակրթական  եւ սկաուտական կազմաւորման առաքելութիւնը ստանձնելով:

Սփիւռքեան ամբողջ գործունէութեան գաղափարական առանցքը ՀՄԸՄ-ի համար շարունակեց հանդիսանալ մայիս 28-ով խորհրդանշուած պետականութեան վերակերտումը, հայրենիքի վերանկախացումը եւ հայ մարդուն իր հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքի վերատիրացումը:

Տասնեակ հազարաւոր միութենականներու, մարզիկներու եւ սկաուտներու իրերայաջորդ սերունդներ փաստօրէն սփիւռքի մէջ սորվեցան պատիւ տալ հայոց եռագոյնին, հայոց անկախ պետականութեան խորհրդանիշ` զինանշանին եւ քայլերգին:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն բանէ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին, վեր պէտք է առնել Հայաստանի Հանրապետութեան վերակերտման համար աշխատած, դաստիարակած ու դաստիարակուած եւ տասնեակ հազարաւոր իրերայաջորդ սերունդներ մայիս 28-ի շունչով կազմաւորած ՀՄԸՄ-ի այս առաքելութեան իրագործման փաստը:

Մենք շատ սերունդներ կորսնցուցած պիտի ըլլայինք, եթէ ՀՄԸՄ-ը կատարած չըլլար իր այս առաքելութիւնը: Պահն է արդարօրէն ՀՄԸՄ-ին տալու 70 տարի եռագոյնն ու հայոց անկախ պետականութեան խորհրդանիշները համաժողովրդային մակարդակով պահպանած եւ գուրգուրած ըլլալու գնահատականը:

Երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ մայիս 28-ի պատմական իրագործումը Դաշնակցութեան սեփականութիւնը չէ, այլ անիկա կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին, ՀՄԸՄ-ն էր, որ յաջողեցաւ այդ արժէքները ժողովրդականացնել ու դարձնել զանգուածային եւ արմատաւորել այն միտքը, որ, այո՛, իրօք, մայիս 28-ն ու Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը, Սարդարապատն ու մայիսեան յաղթանակները կը պատկանին ամբողջ հայութեան:

Մենք բոլորս գիտակից ենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական առաջադրանքները ժողովրդային դարձնողը, հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ համախմբողը, սկաուտական եւ մարզական դաստիարակութեամբ ազգային ու մարդկային արժէքներ փոխանցողը, ազնիւ հայն ու առողջ քաղաքացին պատրաստողը, մարդուժի պատրաստութեան հիմնական դարբնոցը ՀՄԸՄ-ն է: Մեր ամենաբազմամարդ, ամենատարածուած եւ ամենաժողովրդային ուղեկից կազմակերպութիւնը:

Եւ պատահական չէ անշուշտ, որ Դաշնակցութեան հայրենական վերընձիւղումին առընթեր, հայրենադարձ եղաւ նաեւ այս հսկայ կազմակերպութիւնը, որ հայրենիքի մէջ շատ արագ կայացաւ եւ ծաւալեց իր գործունէութիւնը: ՀՄԸՄ-ը սփիւռքեան եւ հայրենական իր կառոյցներով շատ արագ համահայկական դիմագիծ ու էութիւն ապահովեց իր աշխատանքներուն: Այսօր բոլորը կը հաստատեն, որ մեր պետութեան կողմէ նախաձեռնուող համահայկական խաղերու կառոյցը, կազմակերպումը խորքին մէջ իբրեւ օրինակ ունին համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը: Այդ խաղերն են, որոնք կը համախմբեն նոյն արժէքներով դաստիարակուած եւ նոյն նպատակին ծառայող տարբեր շրջաններու երիտասարդները: Հիմա արդէն հայրենիքի մէջ կը համախմբուին թէ՛ ՀՄԸՄ-ականը եւ թէ՛ հայկական տարբեր միութիւններու անդամները` մասնակցելու համահայկական ծրագիրներուն:

Գաղափարական դաստիարակութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ այնքան արմատաւորուած, որ համայն հայութեան հետ կապուած ճակատագրական պահերուն թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ հայրենի ՀՄԸՄ-ականը տարբեր մարտերու ընթացքին, սակայն` միեւնոյն տեսլականին համար, իրենց արիւնը շաղախեցին արցախեան հողին եւ ապա հանգչեցան կողք կողքի, Եռաբլուրի մէջ:

Այսօր միջազգային առումներով տագնապի մէջ է սկաուտութիւնը: Կազմակերպ, կարգապահ կենցաղ իրագործող եւ կանուխ տարիքէն դաստիարակութեան համար միութենական օրէնքներով ղեկավարուող կազմակերպութիւններու քանակն ու դերակատարութիւնը նուազած են:

Կը ձեւափոխուին նաեւ մարզական ակումբներու, խումբերու երբեմնի կամաւոր հիմունքով եւ նուիրումով ախոյեանութեան մասնակցելու ու, այդպիսով, ժողովուրդին ծառայած ըլլալու իրականութիւնները: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, այնքան ատեն որ գաղափարական ենթահողը կը պահպանուի, ձեւափոխումները չեն կրնար ազդել միութիւններու էութեան ու յաջողութեան վրայ:

Եւ ՀՄԸՄ-ը ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր կը շարունակէ պատուով կատարել իր ստանձնած եւ իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Ժամանակին հետ քայլ պահելով` ՀՄԸՄ-ը կը յաջողի անպայման թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի, իր դրօշին տակ համախմբել հազարաւորներ, նոյն արժէքներով դաստիարակել զանոնք եւ բոլորին ծառայութիւնը ապահովել ազգային այն արժէքներուն, որոնց կը հաւատայ արդէն հարիւրամեակ մը ամբողջ:

ՀՄԸՄ-ի նշանաբաններէն ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ-ը այժմէական կը հնչէ: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը մի՛շտ պատրաստ է ծառայելու հայութեան եւ հայրենիքին:

comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement