Ազատամարտիկների Յուշաքարերի Ոչնչացումը Ոչ Թէ Հակադաշնակցականութեան Արդիւնք Է, Այլ՝ Ազգադաւութիւն. Արտաշէս Մխիթարեան

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804distruction

Աւանդութեան համաձայն՝ Յուլիսի վերջին Կիրակի օրը Շուշիի առանձնակի հրաձգային գումարտակի ազատամարտիկները կը կը բարձրանան Արագած լեռ՝ յարգելու համար յիշատակը իրենց նահատակուած ընկերներուն: Այս տարուան ուխտագնացութեան ընթացքին անոնք ականատես եղած են սրբապղծութեան:

«Երկիր»ի հետ զրույցին ընթացքին, պահեստազօրի գնդապետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու Արտաշէս Մխիթարեան պատմեց, որ Արագածը բարձրանալու ընթացքին նկատած են, որ զոհուած ազատամարտիկներու յուշաքարերը չկան, եւ հետագային արդէն համացանցի վրայ տեսած են լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան, որ յուշաքարերը խորտակուած են եւ նետուած:

«Երկիր»ի հարցումին, թէ ի՛նչ նպատակով կատարուած է վանտալիզմը՝ Մխիթարեան պատասխանեց. «Իմ կարծիքով՝ սա ոչ թէ հակադաշնակցականութեան արդիւնք է, այլ՝ ապազգային քայլ, ազգադաւութիւն: Եթէ միայն Շուշիի գումարտակի ազատամարտիկներինը՝ Պետոյի, Թաթուլի յուշաքարերը ջարդած եւ նետած լինէին, ես կը մտածէի, որ սա հակադաշնակցական դրսեւորում է, բայց քանի որ դաշնակցականներից բացի այնտեղ եղել են նաեւ այլ ազատամարտիկների յուշաքարեր, օրինակ՝ Լեոնիդ Ազգալդեանի անունով, որը նոյնպէս ոչնչացուած է, կարծում եմ՝ հակազգային երեւոյթ է: Սա մեր ազգային արժէքները ոտնահարելու քայլերին համարժէք քայլ է: Իմ մտավախութիւնը նաեւ այն է, որ նմանատիպ արարքները կարող են հասնել նաեւ Եռաբլուր կամ պանթէոններ: Աստուած տայ՝ ես սխալուած լինեմ, բայց ուրիշ ձեւ սա չեմ կարող մեկնաբանել»:


comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement