By Aztag Daily | Sunday, 17 March 2019
15 մարտին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը անընդունելի է` ըսած է. <<Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու սեղան Արցախի Հանրապետութեան վերադարձը չի կրնար զայն փակուղի մտցնել>>:
<<Մենք պիտի չընենք բան մը, որ փակուղի կը տանի, որովհետեւ մենք կը մնանք տագնապի խաղաղ լուծման հաւատարիմ: Ասիկա շատ էական հարց է, մենք շատ վճռական պիտի շարժինք այդ ուղղութեամբ: Ասիկա շատ սկզբունքային հարց է` ընդունելու, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունի որոշիչ ձայն եւ ներգրաւուածութիւն: Ասիկա նորութիւն չէ, բայց ասոր զուգահեռ, որպէսզի մենք արդիւնաւէտ աշխատինք բանակցային գործընթացը յառաջ տանելու ուղղութեամբ, մենք կարիք ունինք գործնական առումով ընդունելու, որ այդ որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան արտայայտութեան կարիք կայ: Մենք այսօր կը բանակցինք թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հետ, եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Ազրպէյճանի հետ: Ասիկա նախապայման չէ, եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել քննարկել ու գտնել խնդիրներու լուծումները>>, ըսած է Զոհրապ Մնացականեան:comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին