Ազգային Ժողովը 77 Կողմ Եւ 3 Դէմ Քուէով Հաւանութիւն Տուաւ Մանուէլ Գրիգորեանը Ազատութենէ Զրկելու Միջնորդութեան

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0620parliament1

ԵՐԵՒԱն - Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը ազատութենէ զրկելու մասին Հայաստանի գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան: Փակ քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովի ժամանակաւոր հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:

Մանուէլ Գրիգորեան ազատութենէ զրկելու մասին Հայաստանի գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան քուէարկութեան մասնակցեցան 82 պատգամաւորներ: Կողմ քուէարկեցին 77, դէմ 3 պատգամաւորներ: Անվաւեր ճանչցուեցան 2 քուէաթերթիկներ:

Յիշեցնենք որ, Ազգային ժողովը 81 թեր քուէով արդէն հաւանութիւն տուած էր Մանուէլ Գրիգորեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ անոր նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու միջնորդութեան:

 


comments