Թուրքեր Փորձեցին Խանգարել Սիտնիի Հայութեան Բողոքի Ցոյցը

By armenia.com.au | Thursday, 22 April 2010

ՍԻՏՆԻ.- Ընդառաջելով Աւստրալիոյ Հայ Երիտասարդական Միութեան (AYF Australia) կոչին, Կիրակի 18 Ապրիլին Սիտնիաբնակ աւելի քան 500 հայորդիներ հաւաքուած էին Սիտնիի թրքական դեսպանատան առջեւ, բողոքելու համար Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտող Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ։

Բողոքի ցոյցին, ուր ներկայ էին նաեւ աւելի քան 100 Սիտնիաբնակ թուրքեր <<պաշտպանելու>> իրենց երկրի դեսպանատունը, հսկեց մեծ թիւով ոստիկանական ջոկատ մը։

Մէկ ժամ տեւած հաւաքին ընթացքին ցուցարարները եր·եցին եր·եր, արձակեցին տարբեր կանչեր - <<1915, այլեւս երբեք>>, <<Թուրքիան մեղաւոր է, Թուրքիան պէտք է պատասխան տայ>>, <<Մենք արդարութիւն կը պահանջենք>> եւ <<Ցեղասպանութիւնը փաստ է>> - եւ բարձրացուցին զանազան պաստառներ, Աւստրալիոյ եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններէն պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Աւստրալիոյ ·լխաւոր լրատուամիջոցներ ինչպէս Channel 7 եւ SBS հեռատեսիլի կայանները եւ ABC, Triple J եւ SBS ռատիօկայանները ներկայ էին բողոքի ցոյցին վայրը եւ լայն ձեւով արձա·ան·եցին անցուդարձին մասին, օրուան տարբեր ժամերու ·լխաւոր լուրերու հաղորդումներուն ընդմէջէն։

comments

Advertisement