Ուղեկից միութիւններու տեսակցութիւն Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէի հետ

By armenia.com.au | Monday, 07 February 2011

Սիտնի.- Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն տեսակցութիւններ ունեցաւ իր երեք ուղեկից միութիւններու (Հայ Օգնութեան Միութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Համազգային) Շրջանային Վարչութիւններուն հետ Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս, Ուիլուպի։

Միութիւններուն հակիրճ կերպով փոխանձուեցաւ յաջորդ երկամեակի ծրագիրը եւ բացատրուեցաւ որ շեշտը պիտի դրուի մեծա•ոյն թիւով երիտասարդներ ներգրաւելու գաղութիս բոլոր միութիւններէն ներս։

Բոլոր միութիւնները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցելու կոմիտէին որպէսզի յաջողի յաջորդ երկամեակը «երիտասարդականացման շրջան» յայտարարուած ծրագիրը, տրուած ըլլալով որ բոլորն ալ կը գիտակցին որ գործօն երիտասարդներու թիւը շատ քիչ է եւ այս մէկը մտահոգիչ է բոլորին համար։

Գաղութէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներու թուականներու խաչաձեւումէ խուսափելու նպատակով, կոմիտէն թելադրեց միութիւններուն որ իրենց ու իրենց մասնաճիւղերու ապագայի բոլոր ձեռնարկներու մանրամասնութիւնները փոխանցեն Armenia Online-ի որպէսզի բոլորը տեղադրուին կայքէջի յայտարարութիւններու բաժնին մէջ։

Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ ինչպէս նաեւ այցելութիւն տուաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած բանակումին։

comments

Advertisement