Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կոմիտէ, ուղեկից միութիւններ ցաւակցութեան այցելութիւն կը կատարեն Հայր Բարսեղ Սուսանեանի

By armenia.com.au | Monday, 07 February 2011

Սիտնի.- Կիրակի 23 Յունուար 2011-ին, Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը որուն մաս կը կազմէին նաեւ երեք ուղեկից միութիւններու (Հայ Օգնութեան Միութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Համազգային) Շրջանային Վարչութիւններու ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուաւ Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Սուսանեանի իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Վաստակաւոր Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց վախճանման տխուր յիշատակին։

comments

Advertisement