Ծաղկազարդի առիթով Ճեմարանի աշակերտները ստացան Ս. Հաղորդութիւն

By armenia.com.au | Monday, 18 April 2011



Կիրակի 17 Ապրիլի առաւօտեան Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի աշակերտները Հայաստանեաց Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ծաղկազարդի տօնին առիթով ստացան Ս. Հաղորդութիւն:

Հակառակ դպրոցական արձակուրդի պատճառով աշակերտներուն դպրոցէն հեռու գտնուելուն, շուրջ 80 աշակերտներ ընկերակցութեամբ հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն ներկայ գտնուեցան եկեղեցի ճշդուած ժամուն:

Աշակերտները նախ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահը, ուր տեղի ունեցաւ խոստովանանքի արարողութիւնը Տէր Նորայր Քհնյ. Բաթանեանի կողմէ, որմէ ետք աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ վերնատունը եւ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագի արարողութեան բացարձակ կարգապահութեամբ:

Յաւարտ Ս. Պատարագի ճեմարանի աշակերտները երկիւղածութեամբ մօտեցան Ս. խորանին եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւնը, եկեղեցւոյ քահանաներուն կողմէ:

Հաղորդութենէն ետք աշակերտները վերստին հաւաքուեցան Էտկարեան սրահին մէջ, սպասելով իրենց ծնողներուն տուն վերադառնալու համար:

Այսպէս աւանդական դարձած Ս. Հաղորդութեան խորհուրդով մեղքերու թողութիւն ստացած եւ կրօնական տօներու խորհուրդով քիչ մը աւելի լիցքաւորուած ու իրենց հոգիներուն մէջ աւելի հաւատքով արմատաւորուած աշակերտները մասնակցեցան ծաղկազարդի հոգեպարար արարողութեան ու իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:

comments

Advertisement