Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած նկարչական մրցանքին Աւստրալիան ընտրեց իր լաւագոյն գործերը

By armenia.com.au | Sunday, 29 May 2011

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած համագաղութային նկարչական մրցոյթի առ ի նախապատրաստութիւն ու գաղութէս լաւագոյն նկարներու ընտրութեան ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի 15 Մայիսին, Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի Նալպանտեան սրահին մէջ:

Քաղաքիս բոլոր ամէնօրեայ ու միօրեայ վարժարանները տեղեակ պահուած էին մասնակցութեան պայմաններուն եւ անոնցմէ մասնակցութիւն բերին Հայ Կաթողիկէ Լոյս վարժարանը, Համազգային Թումանեան եւ Թարգմանչաց վարժարանները եւ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանը: Կը մասնակցէին նաեւ գաղութէս քանի մը պատանիներ, որոնք ոչ մէկ հայկական վարժարան կը յաճախեն:

Ականատես եղանք շուրջ 90 նկարչութիւններ ներկայացնող ցուցահանդէսի մը գաղութէս 5-18 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ «Հայաստան Քեզ Այդպիսին եմ Տեսնում» բնաբանով:

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց բաւական գեղեցիկ աշխատանքներու ներկայացումը, որոնք ոգեւորութիւն ներշնչեցին այցելուներուն:
Հետեւելով Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցած ուղղութեան, ներկաներու ու այցելուներու ընտրութեամբ եւ առնելէ ետք նաեւ կարգ մը մասնագէտներու կարծիքները, գաղութէս հետեւեալ նկարչական գործերը ընտրուեցան ղրկուելու Հայաստան ցուցադրուելու եւ աւարտական մրցանքին մասնակցելու:

Փոքրերու բաժին մինչեւ 14 տարեկան:
Վարդենի Ղուկասեան «Լոյս» միօրեայ վարժարան
Րօմէլ Թաթէոսեան «Թումանեան» միօրեայ վարժարան
Նարեկ Տէմիրեան «Թարգմանչաց» միօրեայ վարժարան
Արամ Զարիկեան «Համազգային Գօլստըն ճեմարան»

Մեծերու բաժին (15-18 տարեկան):
Թամար Նազարեան «Համազգային Գօլստըն ճեմարան»
Ռօզմէրի Հալապլեան «Համազգային Գօլստըն ճեմարան»
Լենա Թահանեան «Համազգային Գօլստըն ճեմարան»

Կը շնորհաւորենք ընտրեալները եւ կը մաղթենք իրենց յաջողութիւն աւարտական մրցանքին Երեւանի մէջ:

Կազմակերպիչ Յանձնախումբ

comments

Advertisement