Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն կը շարունակէ իր «երիտասարդականացման շրջան»-ի աշխատանքները

By armenia.com.au | Monday, 20 June 2011

Սիտնի- Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն իր «երիտասարդականացման շրջան» նախաձեռնութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս գաղութիս երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրած էր Հայ Մշակութային Կեդրոն, Ուիլուպի, խոռովածի երեկոյի մը։

Աւելի քան 50 երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ընկերային հաւաքոյթին որ առիթ էր Հայ երիտասարդներուն քով-քովի բերելու եւ անոնց առիթ տալու նաեւ մտերմանալու կոմիտէի երիտասարդ կազմին որ նպատակ ունի յաջորդ երկամեակին բոլոր ուղեկից միութիւններու անդամներու միջին տարիքը բաւական նուազեցնելու յաւելեալ երիտասարդներու անդամակցութեանբ։

Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Օննիկ Սողոմոնեան ներկաներուն ըսաւ.- «Մեր միութիւնները ծառաւը ունին երիտասարդ անդամներու եւ մենք մեր կարելին կ’ընենք որ հասնինք մեծ թիւով երիտասարդներու, հասկնալու զիրենք եւ իրենցմէ իմանալու իրենց ակնկալութիւնները մեր կազմակերպութենէն ու տարբեր միութիւններէն եւ զանոնք փոխանցելու մեր ուղեկից միութիւններու վարչութիւններուն»։

Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէն տարբեր առիթներով գաղութէս ներս գործող բոլոր իր ուղեկից միութիւններու շրջանային վարչութիւններուն փոխանցած է իր «երիտասարդականացման շրջան» նախաձեռնութեան մասին եւ հրաւիրած զանոնք նեցուկ կանգնելու այս ծրագրին ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերելու այս գծով տարուած բոլոր աշխատանքներուն։

comments

Advertisement