
Սիտնի- Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Դրօ առանձնակի կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին, Հայաստանի անկախութեան 93-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 11 Յունիս 2011-ին, The Bellevue շքեղ սրահէն ներս, ներկայութեամբ աւելի քան 350 հայրենակիցներու։
Բացման խօսքը, որ նաեւ կ’ընդգրկէր Աւստրալահայ երիտասարդութեան խօսքը, արտասանեց Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտիսարդական Միութեան անդամ՝ ընկհի. Կարինէ Գաբրիէլեան։
Հ.Յ.Դ. Դրօ առանձնակի կոմիտէի պատգամը փոխանցեց կազմի անդամ՝ ընկ. Գէորգ Վարդանեան որ շեշտը դրաւ Մայիս 28-ի կարեւորութեան վրայ ըսելով թէ այն օրն էր որ դրուեցաւ հայոց պետականութեան հիմնաքարը որ այսօր վերստին կը շարունակուի Հայաստանի նորանկախ իրականութեամբ։ Ընկերը ըսաւ թէ հայութեան երազը իրականացաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով եւ Մայիս 28-ն ու Հայաստանի անկախութեան համար նահատակուած հերոսները մինչեւ այսօր յոյս կը ներշնջեն մեզի, թէ հայ ժողովուրդն ալ այլ ժողովուրդներու նման ունի իր հայրենիքը որ պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ ու զարգանալ եւ թարգմանը հանդիսանալ մեր ազգային իղձերուն եւ նպատակներուն։
Երեկոն խանդավառեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն յատկապէս հրաւիրուած հանրածանօթ եւ սիրուած երգիչ՝ Ատիս Հարմանտեան որ իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ ուրախ պահեց բոլորը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը եւ հանդիսութիւնը եզրափակեց ազգային ու յեղափոխական երգերով։