Սիտնիի մէջ Արդարութեան Տողանցք 23 Ապրիլին

By armenia.com.au | Thursday, 06 April 2017

Սիտնի.- Հովնաւորութեամբ Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակի ոգեկոչման կեդրոնական յանձնախումբին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն՝ ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՕՄ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան Կիրակի 23 Ապրիլ 2016ին տեղը պիտի ունենայ Արդարութեան Տողանցքը որ սկիզբ պիտի առնէ Սիտնիի նշանաւոր Hyde Park հանրային պարտէզէն եւ պիտի ուղղուի Botanical Grdens անցնելով Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանին առջեւէն:

Botanical Gardensի մէջ տեղի պիտի ունենայ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը:

<<Արդարութեան տողանցքը, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող պայքարին շարունակման արտայայտութիւն պիտի ըլլայ,>> յայտարարած է ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Արամ Թիւֆէնքճեան:

<<Լիայոյս ենք որ այս տարի եւս Աւստրալահայ գաղութը խուռներամ բազմութեամբ իր մասնակցութիւնը բերէ արդարութեան տողանցքին որուն մասին աւելի մանրամասնութիւններ շուտով պիտի փոխնցենք,>>  աւելցուց Թիւֆէնքճեան:

Յիշենք որ Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակի ոգեկոչման Աւստրալիոյ կեդրոնական յանձնախումբին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէն քաղաքական երեք կուսակցութիւնները՝ ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ անոնց ուղեկից միութիւններով:

Փոխադրամիջոցներու մանրամասնութիւնները՝

1. Ararat Scout Hall - Quarry Rd Ryde - Departs: 12:30pm
2.Armenian Apostolic church - 10 Macquarie Street Chatswood - Departs 1:00pm
3. Armenian Cultural Centre - 259 Penshurst Street Willoughby - Departs 1:00pm 
4. Smithfield Scout Hall - 1 Rowley Street Smithfield - Departs 12:15pm



comments

Advertisement