Քէյթ Նահապետեան գլխաւոր բանախօսն է Ցեղասպանութեան 102 տարելիցի նուիրուած միջոցառումներուն

By armenia.com.au | Tuesday, 11 April 2017

Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի ոգեկոչման Աւստրալիոյ կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց թէ Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի միջոցառումներու գլխաւոր բանախօսն է իրաւաբան Գէյթ Նահապետեան:

Նահապետեան Գործադիր Տնօրէնն է Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական Կեդրոնին, որուն  նպատակն է իրաւական գետնի վրայ ճիգ չխնայել որ արդար հատուցում  տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ ինքնորոշման իրաւունք՝ Արցախի Հանրապետութեան հայութեան:

Գործով իարաւաբան, Նահապետեան աշխատած է ԱՄՆի Արդարադատութեան Բաժանմունքին մէջ, ապա Ծերակուտական (աւելի ուշ Փոխ Նախագահ) Ճօզէֆ Պայտընի համար, the Carnegie Endowment for International and Mental Disability Rights Internationalի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբին մէջ:
<< Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ ,աշխարհաբնակ Հայութեան կիզակէտը փոխուած է ճանաչումէն՝  հատուցում>> յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբի անդամ Հրաչ Լուսիկեան: << Օրիորդ Նահապետեան արդարութեան համար պայքարի այս նոր ճակատին առաջին գիծի վրայ մարտնչող անձ մըն է, հետեւաբար յարմար նկատեցինք որ ան իր գաղափարները բաժնէ մեր գաղութի անդամներուն եւ մեր հւրերուն հետ>>:

Այս ուղղութեամբ Նահապետեան պիտի ներկայացնէ իր յատուկ տեսութիւնը Ցեղասպանութեան Ազգային Ոգեկոչման Հանդիսութեան 24 Ապրիլի երեկոյեան Սիտնիի մէջ եւ 23 Ապրիլի երեկոյեան՝ Մելպուրնի մէջ:

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք միջոցառումներու ժամանակացոյցը՝

Կիրակի 23 Ապրիլ 2017

1- Արդարութեան Տողանցք - #MARCHFORJUSTICE

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00էն սկսեալ - Hyde Park

CLICK HERE FOR FLYER

2- Ցեղասպանութեան 102 տարելիցի ոգեկոչման երեկոյ - Մելպուրն

Օրուայ բանախօս Գէյթ Նահապէտեան

Երկուշաբթի 24 Ապրիլ 2017

1- Ցեղասպանութեան 102 Ամեակի կեդրոնական ոգեկոչման երեկոյ - Սիտնի

The Concourse սրահէն ներս - Chatswood

CLICK HERE FOR FLYER OR SCROLL ABOVE


Շաբափ 29 Ապրիլ 2017

Ryde-ի մէջ Ցեղասպանութեան 102 ամեակի ոգեկոչման միջոցառում

Meadowbank Memorial, Bank Street, Meadowbank
CLICK HERE FOR INFORMATION



 


comments

Advertisement