Հազարաւոր Հայորդիներու մասնակցութեամբ Արդարութեան Տողանցք Սիտնիի մէջ

By armenia.com.au | Sunday, 23 April 2017

 

Կիրակի 23, Ապրիլ 2017ին աւելի քան երեք հազար հայորդիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սիտնիի մէջ կազմակերպուած Արդարութեան Տողանցքին:

Տողանցքը սկիզբ առաւ Սիտնիի նշանաւոր Hyde Park-էն եւ անցնելով Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի հանրապետութիւնը ճանչցած Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի դիմացէն հասաւ հանրայայտ Circular Quay-ի հրապարակը:

Տողանցողները, որոնց կ'առաջնորդէր ՀՄԸՄ շեփորախումբը,  Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴաշնակցութեան դրօշակները բարձրացուցած ազգային եւ յեղափոխական երգերով ու կանչերով թնդացուցին Սիտնի քաղաքին կեդրոնը:

Տողանցքի աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ յայտագիր մը:

Յայտագրի բեմավար Կարպիս Քոլոքոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց մասնակցութեան ապա հրաւիրեց եղբայր Մայքլ Ջոփուրեան փոխանցելու համար ՀՄԸՄ-ի խօսքը:

Եղբայր Ջոփուրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ <<Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգ ենք սակայն մենք պիտի շարունակենք ապրիլ եւ ապրեցնել: Մենք բոլորս մէկ մարդի նման այսօր հաւաքուած ենք այստեղ ըսելու մեր թշնամիին թէ մեզ չեն կրնար ոչնչացնել>>:

Ընկերուհի Լենա Մկրտիչեան արտասանեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան խօսքը:Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ <<ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան պատանիներն ու երիտասարդները պատնէշի վրայ էն եւ պիտի շարունակեն մնալ մինչեւ որ իրականանայ Հայ ժողովուրդի երազը եւ կերտուի Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը: Մենք կը հաւատանք որ մեր պահանջատիրութիւնը մօտալուտ է հետեւաբար եկէ'ք բոլորս միասին ուղղուինք դէպի մեր նպատակներու իրարանցման դէպի մեր վերջնական յաղթանակին>>:

Ընկեր Մովսէս Ինճէճիկեան փոխանցեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը: <<Կոչ կ'ուղենք մեր թշնամիին Թուրքին իրեն մերժողական ընթացքը վերատեսութեան ենթարկելու եւ կոչ կ'ուղենք Թուրք ժողովուրդին որ իր պատմութիւնը լաւ սերտէ եւ հաշտուի իր անցեալին հետ>> ըսաւ Ինճէճիկեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով <<Մեր պայքարը աւելի հեշտ ձեւով շարունակելու համար մենք պէտք ունինք միասնականութեան, պէտք ունինք մեր բոլոր ուժերը մէկտեղուելու եւ իրար հանդուրժելու պատրաստակամութեան>>:

Օրուայ պատգամը զոյգ լեզուներով փոխանցեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան: Ան իր խօսքը օտար հանրութեան ուղղելով ըսաւ <<Այսօր Աւստրալահայ գաղութը Սիտնիի մէջ կը տողանցէ յիշելով դար մը առաջ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ենթարկուած 1,5 միլիոն Սուրբ նահատակները: Սակայն մեր պատմութիւնը միայն ցաւի եւ տառապանքի պատմութիւն չէ այլ նաեւ վերապրելու պատմութիւն ուր Աւստրալիացիներու ջանքերով հիմնուած որբանոցներու եւ Սուրիոյ ժողովուրդի հիւրընկալութեան շնորհիւ Հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ եւ հիմնեց եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ ակումբներ եւ ահաւասիկ այսօր մենք հազարաւոր մղոններ հեռու տողանցեցինք ապացուցելու թէ Հայը կայ, պիտի մնայ եւ դեր շատանայ>>:

Իր խօսքը ուղղելով տողանցքի մասնակցող Հայորդիներուն Գայսէրեան ըսաւ <<Մեր պայքարը չի կրնար ըլլալ միայն Ապրիլէ Ապրիլ, մենք պէտք է ամէն օր պայքարինք: Այս հիւրընկալ երկրի պարգեւած հանգիստ կեանքը մեզ պէտք չէ մոռցնէ մեր դատը եւ մեր պայքարը:>>

Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չքաջալերել Թուրքական արտադրութիւնները որոնց հասոյթը կը տրամադրուի զէնք եւ զինամթերք տրամադրելու Թուրք ժողովուրդին ազգակից Ազէրիներուն: Գայսէրեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով <<Հակառակ անոր որ հազարաւորն մղոններ հեռու կ'ապրինք մեր Հայրենիքէն սակայն մենք պէտք է պայքարինք, եւ եկէ'ք բոլորս միասին ուխտենք շարունակել մեր պայքարը մինչեւ յաջորդ տողանցքը եւ աւելին մինչեւ իրականացնենք մեր նպատակը եւ կերտենք Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը>>:

Իրենց սրտի խօսքի փոխանցեցին եւ պապհանիչով փակեցին տողանցքը Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ պատուելի Յակոբ Սարգիսեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիէն Նշան Սարկաւագ Պասմասճեան:

Յայտագրի ընթացքին նաեւ ելոյթ ունեցան Համազգային <<Սասուն>> պարախումբէն Մարիա Խանլարեան մենապարով եւ գաղութիս սիրուած երգիչ Ռաֆֆի Ատուրեան ազգային երգով մը:

 

Յիշենք որ տողանցքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ եւ Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան կողմէ:

Դիտելու համար տողանցքի նկարները այցելեցէք:


comments

Advertisement