Աւստրալիա - Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակի Մեկնարկի Արարողութիւն Խորհրդարանի մէջ Քանպերա

By armenia.com.au | Thursday, 29 June 2017


Քանպերա - Միջ Խորհրդարանական Միութեան կոչին ընդառաջ գալով Աւստրալիա - Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակի (ԱՀԽԽ) մեկնարկի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 13 Յունիսին  Խորհրդարանի շէնքին մէջ ի ներկայութեան Աւստրալահայ կազմակերպութեանց ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան աւստրալացի խորհրդարանականներու, քաղաքագէտներու եւ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու:

ԱՀԽԽն նախաձեռնուած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին (ՀԴ)եւ դաշնակցային կառավարական պաշտօնատարներու կողմէ, որոնց շարքին՝ Թրէնթ Զիմըրման, Ճոէլ Ֆիթզկիպըն եւ այլք:

Ի միջի այլ նպատակներու, այս խմբակին նպատակն է Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մօտիկ յարաբերութեաի մշակման քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ կրթական բնագաւառներու մէջ  ընդհանրապէս, իսկ միջ  խորհրդարանական բնագաւառներու մէջ՝ մասնաւորապէս:

Հաւաքի ընթացքին հրամցուեցան հայկական գինի եւ քոնեաք: Քաղաքագէտները իրենց խօսքերուն մէջ, յատկապէս Գանձապետ Պարոն Սքոթ Մորիսըն, շեշտեցին կարեւորութիւնն ու իմաստը այս խմբակին:

Պրն Զիմըրման ըսաւ . << Յուսով եմ որ պիտի զօրացնենք երկու երկիրներուն կապը յատկապէս խորհրդարանական մակարդակի վրայ : Հայաստան երկիր մըն է տարօրինակ պատմութեամբ, ան եղած է բնակավայր ամենէն չարքաշ ժողովուրդներու: Հայաստան այն երկիրն որմէ Աւստրալիան կրնայ շատ մեծ բան սորվիլ<<:

Իր խօսքին մէջ ՀԴի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան յայտնեց ըսելով. << Անցեալ տարի Աւստրալիան եւ Հայաստանը տօնեցին պաշտօնական դիւանագիտական կապերու 25րդ տարեդարձը: Մեր երկու երկիրնրուն պատմութիւնն ու անոնց ամուր կապը ամփոփուած են լուսանկարի մը մէջ, որ մեր առջեւն է (ցոյց տալով Վիգէն Բաբգէնեանի եւ Փրոֆ. Փիթըր Սթանլիի հեղինակած “Armenia, Australia and the Great War” գիրքին կողքը), ուր հայ որբեր կը բարեւեն Աւստրալական դրօշը: Այս ապացոյց մըն է Աւստրալիոյ հոգատարութեան ու օգնութեան, որոնց շնորհիւ փրկուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան զոհեր>>:

Նիու Սաութ Ուէյլզի նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան վիտէօով իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն շնորհաւորելով խմբակի մեկնարկը:

Երեսփոխան Ճոէլ Ֆիթզկիպըն որպէս փոխ նախագահ այս խմբակցութեան, կենաց առաջարկեց եւ շեշտեց կարեւորութիւնը երկու խորհրդարաններու պաշտօնական յարաբերութեանց ստեղծման:

Աւելի քան 50 անդամակցող քաղաքագէտներ ներկայ էին այս հաւաքին, որոնց կարգին Անթընի Ալպանիզի, Փօլ Ֆլէչըր, Տօն Ֆարէլ, Քաթի Մաքկոուան, Ճէյն Փրէնթիս, Անտրու Ուալաս, Մայք Ֆրիլանտըր, Ճուլիըն Լիսըր, Ծերակուտականներ՝ Սամ Տասթիարի, Ճէյսըն Ֆալինսքի, Թիմ Ուիլսըն, Թիմ Համընտ, Սուսան Թէմփըլման,  Քլէր Մուր, Պրայըն Պըրսթըն, ինչպէս նաեւ ԼՂՀեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան, Սփիւռքի նախարարի խորհրդատու Հանրիէթ Անդրիասեան:

Վաչէ Գահրամանեան յայտնեց որ ՀԴը կ'ակնկալէ մօտէն աջակցիլ ԱՀԽԽի հետ աւելիով ամրապնդելու համար Հայաստան-Աւստրալիա կապերը:

 

Գայանէ Քորթեան


comments

Advertisement