Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանի 36րդ Պատգամաւորական Ժողով

By armenia.com.au | Tuesday, 18 July 2017

Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանի 36րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Շաբաթ, 24 Յունիս, 2017 -ին՝ Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս։

Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Նորա Սեւակեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն և Տէրունական աղօթքի և ՀՕՄ-ի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, հրաւիրեց ներկաները որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն յիշատակը մեզմէ առյաւէտ հեռացած ՀՕՄ-ի անդամներուն, ինչպէս նաև՝ յարգելու յիշատակը Հայաստանի, Արցախի և Սուրիոյ մէջ զոհուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Ընկհ. Ն. Սեւակեան իր բացման խօսքով անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան ու պատմութեան, որուն արժանաւոր ժառանգորդը եղած է Աւստրալիոյ շրջանը իր կազմութենէն ի վեր։ Շնորհակալութիւն ու փառք այդ հիմնադիր ու յաջորդող սերունդներուն, որոնք գաղութի նոր կազմաւորման դժուարին պայմաններուն մէջ, ամէն զոհողութիւն ի գործ դրին՝ մեր այս մեծ կազմակերպութեան վեհ նպատակները՝ իրագործելու համար։ Ապա, ընկհ.Նորա յաջողութիւն և հեզասահ ընթացք մաղթեց Պատգամաւորական ժողովին։

Պատգամաւորական Ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցէին ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ չորս մասնաճիւղերէն 18 լիազօր պատգամաւորներ և Շրջանային Վարչութեան կազմէն՝ մէկ։ Ժողովին հրաւիրուած էին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդր․Կոմիտէէն՝ ընկհ. Ալին Պալիօզեան-Համամճեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, եղբայր Վիգէն Քորթեանը, Համազգային Շրջանային Վարչութենէն, ատենապետ՝ ընկ․ Վիգէն Գալօղլեանը և ընկ. Յակոբ Կիւլիւմեանը, Շրջ․Վարչութեան հիւր՝ ընկ․Հերոս Գրիգորեանը։ Ժողովը որպէս հիւր հրաւիրեց, ընկ․Գրիգոր Սողոմոնեանը և ընկհ. Հիլտա Պօղոսեանը խորհրդակցական ձայնով։

Բացման առիթով հրաւիրուեցաւ ընկհի․Ալին Պալիօզեան-Համամճեանը փոխանցելու ՀՅԴ Աւստրալիոյ ԿԿ-ի խօսքը, ընկերուհին ողջունեց ՀՕՄի 36րդ Պատգամաւորական Ժողովը, յայտնեց թէ՝ ԿԿ-ը բարձր կը գնահատէ ՀՕՄի լայնատարած ազգային, խնամատարական և օգնութեան գործունէութիւնը եւ ան անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ-ի գործունէութեան։ Ապա յաջողութիւն ու հեզասահ ընթացք մաղթեց Ժողովի աշխատանքներուն։

Այնուհետեւ, ժողովը ընթացք առաւ։ Առաջին հերթին ընտրեց իր դիւանը, ընկերուհիներ՝ Յասմիկ Զառացեան և Նինա Գաբրիէլեան, որպէս ժողովի ատենապետներ իսկ ընկերուհիներ՝ Սիրվարդ Շիրինեան և Սիլվա Փամպուքեան, որպէս քարտուղարներ:

Ընթերցուեցաւ շրջանաւարտ վարչութեան բծախնդրօրէն պատրաստուած, նիւթական և բարոյական գործունէութեան տեղեկագիրները․Յարաբերական թուղթեր քննող և Հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զոյգ զեկուցագրերը, ապա ժողովը անցաւ Վարչութեան գործունէութեան՝ ըստ էութեան քննարկման։  Ժողովականները գոհունակութեամբ արտայայտուեցան շրջանաւարտ վարչութեան տարած լայնածաւալ գործունէութեան, ի մասնաւորի, անոր ունեցած համերաշխհ և հոգածու յարաբերութիւնները իր բոլոր մասնաճիւղերուն հետ։ Յատուկ յիշատակումի արժանացաւ Նայիրի մասնաճիւղի հետ ունեցած գնահատելի աշխատանքը, ՀՕՄ-ի օրուան առթիւ կազմակերպուած բարձրորակ միջոցառումը ինչպէս նաեւ Պարետ Մարոնեանի <<1915ի Կանայք>> վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրիութեան յաջողութիւնը: Գնահատաուեցաւ նաեւ բարերարներու և երաշխաւորներու թիւի աճը, որը զարկ տուած է բարեսիրական արդիւնաբեր աշխատանքներու։

ՄԱԿ․-ի հետ յարաբերելու, շրջանիս նոր ու ատակ յանձնախումբի կազմութիւնը եւս մեծ գնահատանքի արժանացաւ, յատկապէս անկէ բարձր ակնկալութիւններու հեռանկարով։ Այս առթիւ, ընկ. Գրիգոր Սողոմոնեան յայտնեց թէ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը իր լաւագոյնը պիտի ընէ օգտակար ըլլալու եւ զօրակցելու այս աշխատանքին։

Ժողովը գնահատելի գտաւ Վարչութեան նիւթական ներդրումը, առանձնապէս իր կատարած օժանդակութեան՝ Արցախի Սօսէ Մանկամսուրի, Սուրիահայութեան, Արցախահայութեան, Հայրենիքի բանակին և Ջաւախքի ֆոնտին։

Շրջանային Ժողովը արժեւորելով շրջանաւարտ Վարչութեան աշխատանքները, յոյժ գնահատելի գտաւ անոր տարած նիւթական և բարոյական միամեայ գործունէութիւնը։

Պատգամաւորական Ժողովը յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան համար կայացուց որոշումներ, ըրաւ թելադրանքներ և վերահաստատեց շարունակումը կարգ մը աշխատանքներու։

Նոր տարեշրջանի վարչութեան կազմը ընտրուեցաւ հետեւեալ ընկերուհիներէ՝  Նորա Սեւակեան, Գարլա Գըւըրեան, Սիւզի Սիմոնեան, Ատել Գրաճեան, Ալին Աֆարեան, Մարի Սարգիսեան և Կարինէ Առաքել։

Օրակարգի հարցերը աւարտած ըլլալով, ժողովականները մեծապէս գնահատեցին դիւանը, որ կարողացած էր ժողովը ձեռնհասօրէն վարել եւ ամբողջացնել օրակարգերու լուծումը մէկ օրուան մէջ։ Ինչպէս նաև գնահատուեցան աշխատանք ստանձնող բոլոր յանձնախումբերը, որոնք բծախնդրութեամբ և հետեւողականօրէն տարին իրենց վստահուած պարտականութիւնները։

Ժողովը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաև Արաքս մասնաճիւղին, իր ստանձնած ու ներկայացուցած՝ օրուայ ճոխ հիւրասիրութեան համար։

Ժողովը վերջ գտաւ գնահատանքի և շնորհաւորանքի խրախուսիչ խօսքերով։ Յաջորդաբար խօսք առին հրաւիրեալ հիւրերը, դիւանը, պատգամաւորներն ու Շրջանային վարչութեան անդամները,  որոնք անդրադառնալով ՀՕՄի ազգանուէր առաքելութեանը, շնորհաւորեցին շրջանաւարտ Վարչութեան համագործակցութեան ոգին և խրախուսիչ խօսքերով, յաջող ու արդիւնաւէտ տարեշրջան մը մաղթեցին նորընտիր Շրջանային Վարչութեան:

Շրջանաւարտ Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհի․ Նորա Սեւակեան խօսք առնելով, շնորհակալական ու շնորհաւորական խօսքերէ ետք, իր սրտի խօսքը յայտնեց նաև իր Վարչութեան կազմի բոլոր ընկերուհիներուն, առանձնաբար գնահատեց  իւրաքանչիւրին ունեցած պարտաճանաչ կեցուացքին, կարողութեան ու ներդրումին համար։ Շնորհաւորեց իրենց միասնակամ և համերաշխ աշխատելու ոգին, որոնց շնորհիւ կարողացած էին միասին այս բոլոր յաջողութիւնները արձանագրել։

Հուսկ, խօսք տրուեցաւ ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչին: Ընկերուհին շատ բարձր գնահատեց ժողովին մակարդակն ու ընթացքը․ շնորհաւորեց շրջանաւարտ վարչութեան արդիւնաւէտ և գովելի գործունէութիւնը, նաև շնորհաւորեց նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը աւելցնելով թէ՝ ՀՕՄը միշտ կրցած է յաջող կերպով գործել ու հասնիլ մեր ազգին կարիքներուն, այսուհետեւ ևս պիտի շարունակէ նոյն հաւատքով ու վճռակամութեամբ գործել, հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին՝ "Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս Համար"։

Ժողովը իր լրումին հասաւ "Մեր Հայրենիք" հիմներգի երգեցողութեամբ երեկոյեան ժամը 6․30-ին։

Վարձքը կատար շրջանաւարտ վարչութեան և նորանոր նուաճումներ նորընտիր վարչութեան։

Թղթակից՝

Ընկհ. Յասմիկ Զառացեան

 

 

 

 

 

 

 

 







comments

Advertisement