* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Սիտնիի եւ Մելպուրնի Տօնակատարութիւններ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 121-ամեակի առիթով

Saturday, 10 December 2011     |    |   

Source: armenia.com.au
Tags: australia, arf australia, arf
Սիտնի- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը, Սիտնի եւ Մելպուրն, ժողովրդային հոծ մասնակցութեամբ, տարբեր ձեռնարկներով •գտաւ մեծ յաջողութիւն եւ ստեղծեց ազ•գ•ային խանդավառութիւն։

Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած «Պահանջատիրութեան Շաբթուան» առիթով հրաւիրուած՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հիւրն էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքին, մասնակցելու Դաշնակցութեան Օրուան առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, Սիտնի եւ Մելպուրն։

Չորեքշաբթի 30 Նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամբով 11 նորագ•իրներ, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդ, միացան Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը։ Օրուան կնքահայրն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան շարքերուն միացան նաեւ 5 երիտասարդներ։

Այս բոլորը արդիւնքն են Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի «Երիտասարդականացման Շրջան»-ի ծրագ•րին եւ այդ գ•ծով տարուած աշխատանքներուն։

Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած շքեղ պարահանդէս-խրախճանքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 2 Դեկտեմբեր 2011-ին մասնակցութեամբ աւելի քան 800 հայրենակիցներու։

Պարահանդէսը ճոխացնելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգ•ներէն յատկապէս հրաւիրուած էր հանրածանօթ եւ մեծապէս սիրուած երգ•իչ Յարութ Փամպուքճեան որ իր նուագ•ախումբին ընկերակցութեամբ ուրախ պահեց բոլորը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը եւ հանդիսութիւնը եզրափակեց ազգ•ային ու յեղափոխական երգ•երով մեծապէս խանդավառելով ներկաները։

Բացման խօսքը արտասանեց ընկհի. Նինա Գաբրիէլեան իսկ Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Գէորգ• Վարդանեան։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 4 Դեկտեմբեր 2011-ին, Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահէն ներս մասնակցութեամբ աւելի քան 500 հայորդիներու։

Բացման խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկհի. Կարինէ Գաբրիէլեան։ Տեղի ունեցաւ գ•եղարուեստական պատշաճ յայտա•գիր։ Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձին առիթով Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի պատգ•ամը փոխանցեց ընկ. Հայկ Գայսէրեան։

Օրուան գ•լխաւոր պատգ•ամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան որ ներկայացուց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յաջորդ քառամեակի ծրագ•իրը ի մասնաւորի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջավախքի նկատմամբ։ Ան բարձր գ•նահատեց Աւստրալիոյ մէջ տարուած աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին նեցուկ կանգ•նելու եւ մասնակից դառնալու բոլոր աշխատանքներուն։

Փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով հանդէս եկաւ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Աղան Արք. Պալէօզեան։

Պաշտօնական յայտա•գրի աւարտէն ետք, ներկաներուն մեծ անակնկալ էր կրկին բեմին վրայ տեսնել Յարութ Փամպուքճեանը որ մէկ ժամ տեւողութեամբ, իր կիթառին ընկերակցութեամբ, ազ•գային եւ հայրենասիրական երգ•երով խադավառեց բոլորը։ Յեղափոխական երգ•երով ելոյթ ունեցան նաեւ •գաղութիս երգ•իչներ Սեւակ Վարժապետեան եւ Օհաննէս Օհաննէսեան ընկերակցութեամբ Թոնի Աքիլեանի։


Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement