Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի մեկնարկը Աւստրալիոյ մէջ

By armenia.com.au | Monday, 28 August 2017

Սիտնիի մէջ յայտարարուեցաւ մեկնարկը Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի (ԱՕԱԿ) որուն նպատակն է բարելաւել Աւստրալահայ գաղութի կեանքը անոր տրամադրելով հարկ եղած նիւթական եւ ընկերային օժանդակութիւնը բարեկեցիկ կեանք ապահովելու համար:

ԱՕԱԿ-ի հիմքը դրուեցաւ համագործակցաբար ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէին եւ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան երբ անոնք նկատեցին որ Միջին Արեւելքէն Աւստրալիա հաստատուող ընտանիքներուն կարիքները հոգալու համար գաղութին մէջ կարելիութիւն կայ կատարելու աւելին եւ այդ մէկը յաջողեցնելու համար հարկ է ստեղծել մարմին մը որ մասնագիտացած ձեւով տրամադրէ հարկ եղած օժանդակութիւնը:

<<Պատերազմի հետեւանքով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ապրող մեր ազգակիցները ստիպուած էին լքելու իրենց տուները եւ հասան Աւստրալիա որոնելով աւելի բարեկեցիկ կեանք մը սակայն միշտ ուզած են կառչած մնալ իրենց արմատներուն>> ըսաւ ԱՕԱԿ-ի ատենապետ Թալին Մկրտիչեան: <<Դժուարութիւն ունէինք հասնելու մեր ազգակիցներուն պէտքերուն թէ' տրամադրելու անոնց բարեկեցութեան կարիքները եւ թէ' դիւրացնելու անոնց ընտելացումը Աւստրալիական կեանքին>>:

<<Բաւական պրտպտումներ եւ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք կը կարծենք որ արդէն գտած ենք այդ միջոցը որ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ ոչ միայն վերջերս Աւստրալիա հաստատուող ընտանիքներուն այլ Աւստրալահայ գաղութին ընդհանրապէս>>:

Հակառակ անոր որ սկզբնական շրջանին ԱՕԱԿ-ին աշխատանքները հիմնականօրէն կեդրոնացած պիտի ըլլան օժանդակութիւններ տրամադրելու Միջին Արեւելքէն Աւստրալիոյ մէջ ապաստան գտած հայ ընտանիքներուն, կեդրոնը նաեւ ծրագիրներ ունի ընդլայնելու իր աշխատանքները ընդգրկելու համար օժանդակութեան ծրագիրներ Աւստրալահայ գաղութին:

ԱՕԱԿ-ը իր կայքէջին մէջ յիշած է.- <<Նկատելէ ետք որ պատերազմի պատճառով Աւստրալիա հաստատուող ընտանիքները կարիքը ունին օժանդակութեան, ԱՕԱԿ-ը հիմնուեցաւ որպէս գաղութին կողմէ ղեկավարուող կազմակերպութիւն մը տրամադրելու համար այս օժանդակութիւնը>>:

<<Իբր անկախ եւ գաղութի կողմէ ղեկավարուուղ կազմակերպութիւն, կը հաւատանք որ մեր կեդրոնը պիտի ըլլայ ապաստան գտած ընտանիքներու մարդկային օժանդակութիւն ապահովող կեդրոն մը, անկախ կառավարական եւ կամ անձնական կազմակերպութիւններու օժանդակութենէն>>:

ԱՕԱԿ-ը հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփած է իր նպատակները.-

1- Կազմել վստահելի հոգատարութեան ցանց մը որ պիտի օժանդակէ Աւստրալիա ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն համակերպման Աւստրալիական կեանքին:

2- Աշխատանք տանիլ կառավարական, զանգուածային օժանդակութեան կեդրոններուն եւ ոչ շահեկան կազմակերպութիւններուն հետ, անոնց ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Աւստրալիա ներգաղթող հայ ընտանիքները, նպատակ ունենալով անոնց միջոցաւ հարկ եղած օժանդակութիւնները տրամադրել նոր հաստատուողներուն:

3- Նեցուկ կանգնիլ Աւստրալիա հաստատուուղ մեր հայրենակիցներուն ընկերային, ուսումնական եւ արհեստավարժ պէտքերուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան, տարեցներու եւ իգական սեռի պէտքերուն, նպատակ ունենալով առաջքը առնել անոնց ինքնամեկուսացման:

ԱՕԱԿ-ի անդրանիկ խնամակալ կազմը կը կրէ հետեւեալ պատկերը.-

Թալին Մկրտիչեան (Ատենապետ)

Դրօ - Մհեր Թիւֆէնքճեան (Փոխ Ատենապետ եւ Քարտուղար)

Քրիս Շահինեան (Գանձապահ)

Արէն Գասպար

Դանիա Սարաֆեան

Նայիրի Աւետիսեան

Թամար Կիւլիւմեան

Ժանէթ Միքայէլեան

ԱՕԱԿ-ը մօտէն պիտի աշխատի գաղութիս քաղաքական հարցերու գլխաւոր գրասենեակին՝ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ հարկ եղած կառավարական կապերը հաստատելու համար: Կեդրոնի անդամակցութեան աշխատանքները պիտի կատարուին Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու Օժանդակութեան Յանձնախումբի (ՄԱՆՕՅ) միջոցաւ որ ունի իր ենթայանձնախումբերը Հիւսիսային Սիտնիի, Արեւմտեան Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ: Յիշենք որ ՄԱՆՕՅ արդէն երկու տարի է արդէն կը գործէ Աւստրալիոյ մէջ: Յանձնախումբը աշխատանք կը տանի քով քովի բերելու Միջին Արեւելքէն Աւստրալիա հաստատուող հայ ընտանիքները: ՄԱՆՕՅ հիմնուած էր համագործակցաբար Աւստրալիոյ ՀՅԴ, ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի պատկան մարմիններուն:

Խօսելով ԱՕԱԿ-ի ապագայ ծրագիրներուն մասին Քրիս Շահինեան ըսաւ.- <<Մօտ ապագային կեդրոնը արդէն պիտի ունենայ իր գրասենեակը ուր պիտի աշխատին կեդրոնի պաշտօնեաները: Մեր գրասենեակի, անդամակցութեան յանձնախումբի եւ գաղութի կազմակերպութիւններու միատեղ ջանքերով կը հաւատանք որ պիտի կարենանք հարկ եղած օժանդակութիւնը տրամադրել մեր ազգակիցներուն եւ մեր գաղութին>>:

Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի կայքէջն է http://www.arcaustralia.org/, իսկ կեդրոնի ե-նամակի հասցէն է info@arcaustralia.org:

comments

Advertisement