Րաֆֆի Պչաքճեան Սերունդի 10 Նորագիրներ կը միանան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

By armenia.com.au | Thursday, 28 December 2017



Սիտնի և Մէլպուրն.- Դեկտեմբեր 2017-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը համալրուեցաւ 10 նորագիրներով, որոնք կատարեցին իրենց կուսակցական երդումը Աւստրալիոյ Սիտնի եւ Մելպուրն քաղաքներուն մէջ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն 2017 թուականին շարքերը փոխանցուած սերունդը անուանակոչեց Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի անունով, որ նահատակուեցաւ 2016 թուականին Հալէպի հայահոծ շրջաններու պաշտպանութեան ժամանակ:

Ընկալուած սովորութիւն էր որ նորագիրներուն շարքերը ընդունէր կնքահայր մը, սակայն այս տարի նորագրիներուն շարքերը ընդունեց կնքամայր մը, յանձինս շրջանիս վաստակաւոր ընկերուհիներէն ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանը: Ընկերուհին կատարեց նորագիրներուն երդման արարողութիւնը յարգելով յիշատակը Հայաստանի առաջին անկախութեան ընթացքին իգական սեռին տարած հայրենանուէր աշխատանքին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Գէորգ Վարդանեան յաջող եւ աննահանջ երթ մաղթեց շարքերը փոխանցուած ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

Ան ըսաւ.- «Այսօր մեր կազմակերպութեան մէջ կը տեսնենք արդիւնքը տարիներէ ի վեր պատկան մարմիններու որդեգրած երիտասարդականացման քաղաքականութեան: Շարքերը փոխանցուած ընկերները, որոնց մեծամասնութիւնը կու գան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան շարքերէն, կենդանի օրինակներ են որոնք կը վկայեն թէ մեր գաղութին մէջ կայ այդ զանգուածը, որ կ'ուզէ ծառայել իր հայրենիքին եւ իր ազգին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ընդմէջէն»:

«Կը շնորհաւորենք Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Աւստրալիոյ կառոյցը յատկապէս նորագիրներուն շարք մուտք գործելուն առիթով: Շնորհակալ ենք ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանին, որ շարքերը ընդունեց մեր նորագիրները նոյն այդ ոգիով ինչպէս կը գործէին երեք կին երեսփոխաններն ու կին դեսպանը Հայաստանի առաջին անկախութեան տարիներուն: Բիւր յարգանք, փառք ու պատիւ ընկեր Րաֆֆի Պչաքճեանի հոգիին, որուն անունը առ յաւէտ դրոշմուած պիտի մնայ այս 10 նորագիրներուն մտքին մէջ» եզրափակեց ընկեր Վարդանեան:

comments

Advertisement