Ոչ Եւս է Աւստրալահայ Գաղութի Տիտաններէն Յակոբ Քորթեանը

By armenia.com.au | Saturday, 24 February 2018

Շաբաթ  24 Փետրուար 2018ին վաղ առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի տիտաններէն, ազգային եւ հասարակական գործիչ, Աւստրալահայ գաղութի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նուիրեալ ընկեր Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցի հիմնադիր սերունդի անդամ ընկեր Յակոբ Քորթեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 27 Փետրուար 2018-ին  կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման արարողութենէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս Ուիլլուպի:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը:

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Աւստրալահայ գաղութի տիտաններէն, ազգային գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադիր անդամ Ընկեր Յակոբ Քորթեանը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Յակոբ Քորթեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

Սիտնի - Աւստրալիա


Դիտելու համար  թուականին ընկեր Գորթեանի հետ տեղի ունեցած հայցազրոյցը այցելեցէ'լ հետեւեալ կայքը:






comments

Advertisement