Հայաստան  կը դիւրացնէ Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի, Սինկափուրի եւ Հարաւային Քորէայի քաղաքացիներուն երկիր մուտքը

By Asbarez | Tuesday, 06 March 2018

0306visa

Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի, Սինկափուրի եւ Հարաւային Քորէայի քաղաքացիները կրնան Հայաստան այցելել առանց մուտքի արտօնագիրի: Ըստ  <<Արմենփրես>>՝ այս մասին որոշումին նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 26 Մարտի նիստի օրակարգին վրայ:

Ըստ հիմնաւորման՝ որոշման ընդունումը թոյլ պիտի տայ վերոյիշեալ պետութիւններու քաղաքացիներուն այցելել եւ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք առաւելագոյնը 180 օր ժամկէտով՝ մէկ տարուան ընթացքին, ազատելով զանոնք մուտքի վիզա ձեռք բերելու պահանջէն: Ատիկա, ըստ Հայաստանի կառավարութեան, ոչ միայն կը նպաստէ զբօսաշրջութեան խրախուսման ու խթանման, այլ նաեւ նոր սկիզբ կը հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան շարք մը նոր ոլորտներու ուրուագծման եւ զարգացման համար:

Որոշման նախագիծը նպատակ ունի մուտքի վիզայի հետ կապուած հարցերը չէզոքացնել՝ Աւստրալական Միութեան, Նոր Զելանտայի, Սինկափուրի Հանրապետութեան, Քորէայի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ այդ երկիրներու քաղաքացիներու՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն այցերու աճին նպաստելու համար:

 


comments

Advertisement