75,000 Տոլար Արցախի Զօրակցութեան Նուիրուած Աւստրալիոյ Թելեթոնին

By armenia.com.au | Tuesday, 20 March 2018

Սիտնի-Մելպուրն.- $75,000 գոյացաւ Աւստրալիոյ երկրորդ #ARTSAKHSTRONG Թելեթոնէն նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան, Ապահովութեան եւ Խաղաղութեան Հաստատութեան:

Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2018ին, "Armenia TV" Նորա Սեւակեանի հաղորդավարութեամբ, ուղիղ Ֆէյսպուքով եւ "Armenia Radio" FM 99.3ի վրայ, ուղիղ եթերով, Ազնիւ Ինկիլիզեանի հաղորդավարութեամբ, երեկոյեան ժամը 7էն 10.30 հեռարձակուեցաւ ձեռնարկը: Հաղորդավարներուն ընկերակցեցան խումբ մը օգնականներ իսկ յայտագրին հարցազրոյցներով մաս կազմեցին համայնքի ղեկավարներ:

Յաջորդաբար, Հեռատեսիլով թէ ռատիոյով հարցազրոյց տուին Արցախի Պետ Նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան՝ Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Խորհրդատու Հանրիէթ Անդրիասեան, Գօլստըն Ճեմարանի տնօրէն Էտի Տէմիրճեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

Նախարար Յարութիւնեան դրուատանքով արտայայտուեցաւ կատարուածին եւ մաղթեց որ այս օրինակ ծառայէ այլ համայնքներու:

<< Մենք Արցախի մէջ ազգ է որ կը կերտենք եւ ընտրած ենք ժողովրդավարութեան ուղին հասնելու համար խաղաղութեան, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը: Գովելի է Աւստրալահայ համայնքը իր կազմակերպուածութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեան համար>> ըսաւ նախարարը:

Արցախեան Ապառաժ թերթի խմբագիրներէն Արմինէ Նարինեան, որ ներկայ էր , հարցազրոյց ունեցաւ Նորա Սեւակեանի հետ:

<<Արցախի մէջ մենք կը զարմանայինք երբ լսէինք թէ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հանգանակութիւններ կը կատարուին Արցախի բարօրութեան համար: Իսկ հիմա երբ աչքովս կը տեսնեմ այս խանդավառութիւնն ու խրախուսիչ մթնոլորտը հպարտ կ'զգամ Աւստրալահայ գաղութով>> ըսաւ Նարինեան:

Հարիւրաւոր Աւստրալահայեր, Հայ եւ ոչ Հայ գործատէրեր կատարեցին իրենց նուիրատուութիւնները , ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կառոյցը, Համազգայինի, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութիւնները, ՀՅԴ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Մաքուարի Համալսարանի ուսանողականՄարմնի, Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան Վարչութիւնները , Հայ Դատի յանձնախումբը, Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու Օժանդակ Յանձնախումբը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ Շրջանաւարտներու Միութեան Վարչութիւնը :

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ընկեր Գէորգ Վարդանեանը ըսաւ << Կ'ուզեմ շնորհաւորել սոյն թելեթոնի մասնակից կազմակերպութիւնները, կամաւորները եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերին յաջողցնելու համար այս ծրագիրը: Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնի եւ Մելպուրնի Հայ Կեդրոնի մէջ մեր գաղութի զաւակներու ներկայութիւնն ու ելեկտրոնային միջոցներով թելեթոնին հետեւող հանրութեան թիւը կու գայ ցոյց տալու որ մեր գաղութը գիտակից գաղութ է, գիտէ քաջատեղեակ է իր ազգային առաջնահերթութիւններուն մասին եւ պատրաստակամբութիւն յայտնած է կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ Արցախի պաշտպանութեան սուրբ աշխատանքին մէջ>>:

Հարիւրաւոր կամաւոր աշխատողներ, զանազան միութիւններէ, մասնակցեցան կազմակերպչական աշխատանքին: ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամնրեը, Համազգայինի պարախումբերու անդամները, միօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները, ՀՄԸՄ սկաուտական եւ մարզական խումբերու ներկայացուցիչները եւ Հայ Օգնութեան Միութեան աշխոյժ ընկերուհիները ներկայ էին Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս օժանդակելու թելեթոնի աշխատանքներուն եւ ներկայացնելու իրենց միութիւններուն նուիրատուութիւնները:  Աւստրալահայութիւնը աննախադէպ զօրակցութիւն ցուցաբերեց Արցախահայութեան ի նպաստ:

Իրենց ազգաշունչ երգերով մթնոլորտը խանդավառեցին սիրուած երգիչներ՝ Րաֆֆի Ատուրեան եւ Սագօ Մէխմէլճեան: Ակումբի ճաշերու մատակարարողներ Լեւոն եւ Թամար Սաճոնեան հայթայթեցին ուտելիքներ բոլոր ներկաներուն համար:Մելպուրնի Հայ կեդրոնին մէջ նման խանդավառութիւն մը կը տիրէր եւ տեղւոյն գաղութի ղեկավարներու աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ հաւաքել 7000 Տոլար:

Աւստրալիոյ Հայ դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան ըսաւ <<Յարգանքի, հպարտութեան եւ խանդավառութեան զգացումներն է որ այսօր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմը կը զգայ եւ կը տեսնէ այս մթնոլորտին մէջ>>:

Բացատրեց կարեւորութիւնը այս նախաձեռնութեան Գայսէրեան ըսաւ <<Հարիւրաւոր անձիք որոնք նուիրեցին յստակ պատգամ անցուցին թէ Աւստրալահայերը կը ճանչնան Արցախը եւ մենք կը սպասենք որ Աւստրալիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը նոյնը կատարէ>>: 

Արմենիա Մետիա ընկերակցութիւնը յայտարարեց որ ընդհանուրը 22,873 անձեր դիտած են Ֆէյսպուքեան այս թելեթոնի վիտէոները, եւ թէ յաջորդող օրերուն կը սպասուի թիւերու յաւելում:

Արցախի Մշտական Ներկայացուցիչին Քայլար Միաքայէլեանի հովանաւորութեամբ,Թելեթոնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրալիոյ, Արմենիա մետիայի, Հայ Դատի Յանձնախումբի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի կողմէ:

Ձեր վարձքը կատար:


FOR VIDEOS of the March 19 #ARTSAKHSTRONG Telethon, please click here and scroll through the live clips or watch the #ARTSAKHSTRONG Telethon 2018 Playlist. Or watch the embedded clips below.

FOR PHOTOS, CLICK HERE TO SEE ARMENIA MEDIA'S FACEBOOK ALBUM!

Further coverage will be posted on our Facebook page in coming hours and days (click here and Like).
































comments

Advertisement