Նիու Սաութ Ուէլզի Հայաստան-Աւստրալիա Բարեկամութեան Խորհրդարանական Խմբակը բանաձեւեց նախագիծ մը զօրակցութիւն յայտարարելով Արցախին

By armenia.com.au | Friday, 23 March 2018

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակէն կը տեղեկանանք որ Նիւ Սաութ Ուէլզի Հայաստան-Աւստրալիա Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակը բոլոր կուսակցութիւններու հաւանութեամբ Արցախի հանրապետութեան զօրակցելու նախագիծ մը քուէարկած է անոր ժողովուրդին ինքնորոշման վերաբերող:

Յետ համատեղ ժողովի ՆՍՈւի խորհրդարանական խմբակին, Արցախի Պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն, հետեւեալ բանաձեւը ընդունուեցաւ.

Նիւ Սաութ Ուէյլզ ի Հայաստան-Աւստրալիա Բարեկամութեան խորհրդարանական Խմբակը.

Կը հաստատէ, որ 2012ին Խորհրդարանը ճանչցաւ ինքնորոշման իրաւունքը բոլոր ժողովուրդներուն, ներառեալ ԼՂՀեան մէջ ապրող ժողովուրդին, եւ կոչ ուղղեց Դաշնակցային Կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու ԼՂՀեան անկախութիւնը եւ զօրացնելու կապերը ԼՂՀեան (այժմ՝ Արցախ) եւ անոր քաղաքացիներուն հետ:

Զօրաւիգ կը կանգնի 2012ի Խորհրդարանի որոշումին, ներառեալ ճանչնալու ինքնորոշման իրաւունքը Արցախի ժողովուրդին (նախապէս ԼՂ):


Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան դրուատեց խորհրդանշական զօրակցութիւնը Խմբակի անդամներուն կողմէ:

<<Այս խմբակը կը բաղկանայ 25 քաղաքական ղեկավարներէ, ներկայացուցիչներ բոլոր կուսակցութիւններէն Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի Խորհրդարանի երկու բաժիններէն: Անոնք կը յայտարարեն որ իրենք կողքին են Արցախի պետականութեան եւ ժողովուրդին: Անոնք իրենց զօրակցութիւնը խոստացան ՆՍՈւի խորհրդարանին կողմէ 2012ի պատմական բանաձեւին, որուն համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը>> ըսաւ Գայսէրեան:

Բարեկամութեան Խմբակի նախագահն է Խորհրդարանի անդամ Ճոնաթան Օտէյ իսկ փոխ նախագահն է Ուոլթ Սէքորտ: Խմբակի անդամներուն թիւը հետզհետէ յաւելում կը կրէ:

comments

Advertisement