ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն – Կեցցէ Հայ Ժողովուրդի Կամքը

By AYF-AU | Saturday, 21 April 2018




Շաբաթէ մը ի վեր Երեւանի փողոցները լեցուած են ցուցարարներով, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ են: Հայաստանի քաղաքացիները մեծ թիւերով փողոց իջած են յայտարարելու իրենց ընդվզումն ու պոռթկումը առկայ իրավիճակի մասին:

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգիսեանի վարչապետի պաշտօնի ընտրութիւնը հիմնական դրդապատճառն էր այս ժողովրդային ցոյցերուն, ուր Հայրենիքի մէջ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները կը պահանջեն էական համակարգային փոփոխութիւններ: Կը հաւատանք որ սահամանադրական փոփոխութիւնները որուն արդիւնքով Հայաստանը անցաւ խորհրդարանական համակարգի, առիթը կու տան այդ փոփոխութիւնները իրականացնելու։ Սակայն այդ փոփոխութիւններուն ընթացքն ու ունեցած ազդեցութիւնը փաստօրէն բաւարար չեն ժողովուրդին համար որոնք տարիներէ ի վեր կ'ապրին փտածութեան եւ մենաշնորհներով առաջանրդուող տնտեսակարգի մը տակ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը մօտէն կը հետեւի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Մեր կազմակերպութիւնը մեր գաղութին մէջ միշտ ալ եղած է յառաջապահը քաղաքային անհնազանդութեան եւ բողոքի ցոյցերուն: Առ այդ՝ կը կարծենք որ էական եւ կարեւոր են այդ դրդապատճառները որոնք առաջնորդեցին ժողովուրդը դէպի Երեւանի փողոցները:

Ժողովրդավարութեան մէջ, ժողովուրդի պահանջները անարդար չեն կրնար ըլլալ: Անոնք պէտք է իրականան ժողովուրդին միջոցաւ, ժողովուրդին համար:

Կ'ակնկալենք որ ուժերը պիտի յարգեն ցուցարարներուն իրաւունքը: Կը զօրակցինք հայրենիքի մէջ ապրող մեր քոյրերեուն եւ եղբայրներուն ազատ խօսքի, հրապարակայինօրէն հաւաքուելու, տարակարծիք եւ պահանջատէր ըլլալու իրենց իրաւունքին: Այսպիսի ազատ միջավայրեր ստեղծելով է որ ժողովուրդին պահանջները կը հասնին քաղաքական երկխօսութեան սեղանը, ուր պէտք է գտնել արդար լուծումներ:

Կը լսենք թէ կարգ մը շրջաններուն մէջ փախումներ պատահած են ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: Խստօրէն կը դատապարտենք բռնի ուժի գործադրութիւնը եւ ժողովուրդի արդար իրաւունքները ոտնակոխելու փորձերը: Նոյնքան կը դատապարտենք որեւէ արտաքին միջամտութիւններու փորձերը խեղաթիւրելու ժողովուրդին կամքը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը կը հաւատայ որ մեր հայրենիքի ապագան մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնն է որ պիտի որոշէ: Ժողովուրդը խաղաղօրէն իրեն ձայնը բարձրացնելով է որ առիթը պիտի ունենանք գիտնալու անոր նախասիրած ապագան: Կը զօրակցինք Հայաստանի ժողովուրդի կամքին:


- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն

comments

Advertisement