Կոչ Աւստրալահայութեան

By armenia.com.au | Tuesday, 24 April 2018

Վերստին կը մօտենայ Հայ ժողովուրդին պատմութեան ամենադժնդակ նորագոյն պատմութեան օրը:

Վերստին Հայ ժողովուրդը համատարած տարողութեամբ պիտի ոգեկոչէ Ապրիլ 24-ով բնորոշուող Հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը: Պիտի վերյիշէ իր նահատակ պապերը, անոնց կրած ահաւոր տառապանքը ու վերանորոգէ իր պահանջատիրական պայքարը:

Յաճախ ըսուած է թէ Ապրիլ 24-ի արհաւիրքին յաջորդեց Մայիս 28-ի արեւածագը, երբ կոտորուած ու մասնատուած Հայ ժողովուրդը իրագործեց անկարելին եւ վեց դարերու ստրկութենէ ետք առիթը ունեցաւ պետականօրէն վերապրելու եւ զարգանալու:

Այսօր դրական այս պարունակին մէջ պէտք է ոգեկոչենք մեր մեծ ցաւը, մեր մեծ եղեռնը: Այսօր դրական այս մօտեցումին վրայ պէտք է կառուցենք մեր արդար պահանջատիրութիւնը:

Հայութեան արեւածագով բնորոշուող այս օրերը պիտի մղեն մեզ ծաւալելու մեր պահանջատիրական պայքարը, պիտի մղեն մեզ աւելի ուժգնօրէն աշխարհի ուշադրութեան առարկան դարձնելու մեր իրաւունքները ու դատապարտութեան աթոռին նստեցնելու մեր թշնամին որ այսօր եւս կը շարունակէ իր ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը:

Պահանջատիրական այս պայքարին մէջ մենք կը համագործակցինք որպէս հայրենիք եւ սփիւռք ու այդ մէկը մեր յաջողութեան մեծագոյն զէնքն է:

Դէպի յաջողութիւն առաջնորդող մեր այս երթը պիտի շարունակուի: Պիտի վերականգնի արդարութիւնը եւ մեր նորաստեղծ հայրենիքի հզօրացումով պիտի հասնինք մեր նպատակին:

Գիտենք թէ մեր երթը տակաւին ունի բազում դժուարութիւններ, բայց գիտենք նաեւ որ վերջնական յաղթանակը մերն է շնորհիւ մեր միասնակամ աշխատանքին:

Մեծ եղեռնի այս կոչը ամբողջական պիտի չըլլար, եթէ որեւէ անդրադարձ չունենայինք այսօր հայրենիքէն ներս պիտի ունեցող իրադարձութիւններուն:

Յարգելի՛Հայրենակիցներ,

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հրաժարումով նոր էջ մը պիտի բացուի Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ եւ պիտի արձանագրուի ժողովուրդին ժողովրդավարական քայլերով կատարած յաղթանակը, փայլուն ապագայ հայրենիքէն ներս կերտելու հարցով:

Այս երեւոյթը պիտի դառնայ անկիւնադարձ մը մեր հայրենիքին համար եւ կը մաղթենք որ հայրենիքի նորօրեայ ղեկավարութիւնը (որոնք որ ալ ըլլան), հեռատեսութեամբ եւ համերաշխ գործակցութեամբ ճամբայ կը բանան ստեղծելու մեր բոլորին փափաքած Հայաստանը, հիմնուած արդարութեան, օրէնքի եւ իսկապէս ժողովրդավարական հիմքերու վրայ:

Յարգանք մեր նահատակներուն եւ բարի երթ մեր հայրենիքի հզօրացման:

ՍոցիալԴեմոկրատՀնչակեանԿուսակցութիւն
ՀայՅեղափոխականԴաշնակցութիւն
ՌամկավարԱզատականԿուսակցութիւն


comments

Advertisement